Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդգծեց Քննչական Խորհուրդներուն Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը Եւ Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստերու

Սեպտեմբեր 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումարի, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 19 եւ չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, ցերեկային եւ գիշերային նիստերով:

Խորհրդարանը պիտի քննարկէ նոր օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերուն:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ չկայացնելը սահմանադրութեան խախտում է եւ շրջանցում: «Աստուած հոգին լուսաւորէ», ըսաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երբ անոր հարց տուին երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ճակատագիրին մասին:

Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանը անմիջապէս պիտի նախաձեռնէ պետական ամավարկը քննարկելու, երբ ելեւմուտքի նախարարութիւնը աւարտէ ամավարկին մասին իր տեղեկագիրը:

Պըրրի նշեց, որ տարակարծութիւններու հարց չկայ` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի լիագումարը պիտի որոշէ պետական ամավարկին վաւերացումը:

Պըրրի ընդգծեց օրէնքներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս քննչական խորհուրդներուն կատարելիք կարեւոր աշխատանքը եւ անոր ունենալիք դերակատարութիւնը` փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարին իմաստով:

Նախորդը

«Ահաբեկչութիւնը Պարտուած Է, Իսկ Նախագահ Աունի Օրով Հաշուետուութիւնը Մնայուն Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պետական Հաշուեքննիչ Դիւանի Եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?