Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց սահմանագօտիին վրայ տիրող իրավիճակը, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումին լոյսին տակ:
Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ եւ Պերի քննարկեցին նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:



