Լիբանանեան

«Լիբանան Պիտի Արգիլէ, Որ Ահաբեկիչները  Իրենց Նպատակները Իրագործեն»  Ընդգծեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Պիտի Արգիլէ, Որ Ահաբեկիչները Իրենց Նպատակները Իրագործեն» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 11 սեպտեմբեր 2001-ի դէպքերուն առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած իր նամակին մէջ շեշտեց, թէ Լիբանան պիտի արգիլէ, որ ահաբեկիչները իրենց նպատակները իրագործեն: «Լիբանանեան բանակը, որ Լիբանանը ազատագրեց ահաբեկչութենէն եւ ՏԱՀԵՇ-էն, կը հաստատէ այդ մէկը», նշեց նախագահ Աուն: Ան նշեց, թէ Լիբանան եղած է առաջին երկիրը, որ դատապարտած է Միացեալ Նահանգները հարուածած այդ ահաբեկչութիւնը:...

Մոսկուայի Մէջ.  «Ռուսիա Ամբողջական Ընդառաջում  Կը Ցուցաբերէ Լիբանանեան Բանակի Զինումին»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Մոսկուայի Մէջ. «Ռուսիա Ամբողջական Ընդառաջում Կը Ցուցաբերէ Լիբանանեան Բանակի Զինումին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, լիբանանեան բանակին զինման վերաբերող հարցեր, լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, տնտեսական մարզի պարագային փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնն ու Սուրիոյ տագնապին լուծման վերաբերող հարցեր: Մետվետեւ Հարիրին դիմաւորեց` հաստատելով, որ Ռուսիա կը փափաքի մնալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն բարեկամը: Մետվետեւ ընդգծեց, որ...

Բանակը Բացայայտեց  Ականներու Պահեստանոց Մը

Բանակը Բացայայտեց Ականներու Պահեստանոց Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ յետմիջօրէին Ուատի Հմայտի մէջ բացայայտած է լարուած ականներու պահեստանոց մը: Ըստ հաղորդագրութեան, բանակի գաղտնի սպասարկութեան շրջուն մէկ ջոկատը կրցած է բացայայտել այդ պահեստանոցը, ուր գտնուած են տարբեր տեսակի ականներ, ռումբերու բաժիններ, պայթուցիչներ, պայթուցիկ նիւթեր, ինչպէս նաեւ ականուած գօտիներ: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց...

Յաղթանակի Փառատօն`  Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Յաղթանակի Փառատօն` Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

Պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներ Եաագուպ Սարրաֆ եւ Աւետիս Կիտանեան երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը: Սարրաֆ յայտնեց, որ առանց բանակին շղթայազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին եւ առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումին, Լիբանան պիտի մնար ահաբեկչութեան եւ վտանգի օղակին մէջ: Ան նշեց, որ նահատակուած բանակայինները հերոսներ են, որոնց յիշատակը անթառամ պիտի մնայ մեր էութեան եւ զգացումներուն մէջ: «Անոնց...

«Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթած Լիբանանը  Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Գերիշխանութեան Դէմ  Ոտնձգութիւններ Գործուին»  Ընդգծեց Նախագահ Աուն

«Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթած Լիբանանը Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Գերիշխանութեան Դէմ Ոտնձգութիւններ Գործուին» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որ շնորհաւորեց նախագահը` ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով: Շորթըր նշեց, որ բանակը իր գործադրած «Բարձունքներու արշալոյսը» զինուորական գործողութեան ընդմէջէն փաստեց, որ ինք Լիբանանը պաշտպանելու կարողութիւն ունի: Շորթըր ցաւակցութիւն յայտնեց կռիւին ընթացքին եւ անկէ առաջ նահատակուած բոլոր բանակայիններուն համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի...

Մոսկուայի Մէջ.   Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի  Իր Պաշտօնական Հանդիպումներուն

Մոսկուայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Սկսի Իր Պաշտօնական Հանդիպումներուն

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի սկսի իր պաշտօնական հանդիպումներուն, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ տագնապը եւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը: Վարչապետ Հարիրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները հաստատեցին, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի, որ Սուրիոյ տագնապին համար ապահովուելիք միջազգային լուծումը Լիբանանի հաշուոյն չըլլայ, ինչպէս նաեւ միջազգային երաշխիքներով կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն անվտանգ տունդարձը ապահովել: Կը նախատեսուի,...

Պասիլ. «Լիբանան Իսրայէլի Դէմ  Բողոքագիր Մը Կը Պատրաստէ»

Պասիլ. «Լիբանան Իսրայէլի Դէմ Բողոքագիր Մը Կը Պատրաստէ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ պահանջեց Իսրայէլի դէմ բողոքագիր մը պատրաստել եւ զայն ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Բողոքագիրը պիտի անդրադառնայ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի մէջ զետեղուած լրտեսական սարքերուն, իսրայէլեան օդուժին կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուող մնայուն ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժին կողմէ կիրակի օր Սայտայի վերեւ ձայնի պատը...

Պըրրիի Հետ Հանդիպելէ Ետք.   «Եգիպտոս Կը Պաշտպանէ Լիբանանի Շահերը»  Շեշտեց Նաժարի

Պըրրիի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Եգիպտոս Կը Պաշտպանէ Լիբանանի Շահերը» Շեշտեց Նաժարի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, թէ Պըրրիին հաստատած է, որ Եգիպտոս կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին մղած պայքարին եւ անոր արձանագրած յաղթանակին առումով: Նաժարի շեշտեց, որ Եգիպտոս բարձր կը գնահատէ ահաբեկչութեան դէմ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլի պիտի ներկայացնէ Լիբանանը` արաբ արտաքին գործոց նախարարներու 148-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին: Խորհրդաժողովը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 13 եւ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին, Գահիրէի մէջ: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ նահատակ բանակայիններուն թղթածրարը պէտք չէ քաղաքականացնել եւ շեշտը պէտք է դնել արձանագրուած յաղթանակին վրայ: Ան շեշտեց, որ բանակը կարողութիւն ունի ահաբեկչութեան դէմ...

Յ. Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Բանակայիններու  Առեւանգումին Թղթածրարը Շահագործելէ

Յ. Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Բանակայիններու Առեւանգումին Թղթածրարը Շահագործելէ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող վերջին իրադարձութիւններուն: Ան զգուշացուց նահատակ բանակայիններու առեւանգումին մասին բացուելիք հետաքննութիւնը շահագործելէ` անձնական եւ քաղաքական շահեր ու նպատակներ հետապնդելու միտումով: Հարցազրոյցին մանրամասն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով:  

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց  Սալամի Եւ Մեկնեցաւ Մոսկուա

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Սալամի Եւ Մեկնեցաւ Մոսկուա

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան հասաւ Մոսկուա: Պաշտօնական այցելութեամբ մը Ռուսիա մեկնած Հարիրի այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, իր ռուս պաշտօնակիցին` Տմիթրի Մետվետեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հարիրիի ընկերակցեցան նախարարներ Ղասսան Հասպանի, Նուհատ Մաշնուք, Ալի Հասան Խալիլ, Ղաթթաս Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ռաէտ Խուրի, Մըլհեմ Ռիաշի եւ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի: Միւս կողմէ, երէկ...

Բանակը Ձերբակալեց Ալի Հուժէյրին  Եւ Բացայայտեց Իսրայէլեան  Լրտեսական Սարք Մը

Բանակը Ձերբակալեց Ալի Հուժէյրին Եւ Բացայայտեց Իսրայէլեան Լրտեսական Սարք Մը

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ձերբակալեց Արսալի նախկին քաղաքապետ Ալի Հուժէյրին (ծանօթ իբրեւ Ապու Աժինէ)` հիմնուելով ձերբակալուած յանցագործներէն մէկուն կատարած խոստովանութիւններուն վրայ: Միւս կողմէ, բանակը շաբաթ կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քֆարշուպայի մէջ բացայայտած է իսրայէլեան լրտեսական սարք մը: Իսրայէլեան սարքը քամերա մըն է, որ ամրացուած է գետինը գտնուող երկու ականներու: Աւելի ուշ ականները վնասազերծուեցան...

Սուգի Եւ Յարգանքի Օր Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին.  Նահատակ Բանակայինները Պարգեւատրուեցան  Եւ Հողին Յանձնուեցան Խորազգաց Վիշտով

Սուգի Եւ Յարգանքի Օր Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին. Նահատակ Բանակայինները Պարգեւատրուեցան Եւ Հողին Յանձնուեցան Խորազգաց Վիշտով

Առեւանգուած բանակայիններուն անունով յայտարարուած «Բարձունքներու արշալոյսը» ծագեցաւ Լիբանանի վերեւ, սակայն նահատակի զգեստով տուն դարձած բանակայինները սրտի խոր կսկիծով յանձնուեցան հողին` բոլորին պահ դնելով հայրենիքը պաշտպանելու կտակը: Ազգային սուգի օր եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւն` պայծառ օրուան մը ընթացքին, երբ կենսունակ լիբանանցիին վայել էր ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակը նշել առեւանգուած բանակայիններուն վերադարձով: Ծանր էր օրը` Ազգային սուգի օրը: Ամբողջ օրուան ընթացքին տասը դագաղներու...

Լիբանանի Տարածքին Գործող Հայկական Հաստատութիւնները Մնացին Փակ

Լիբանանի Տարածքին Գործող Հայկական Հաստատութիւնները Մնացին Փակ

Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ճակատին վրայ անձնուիրաբար զոհուած նահատակ բանակայիններուն պետական եւ ժողովրդային մեծաշուք յուղարկաւորութեան առիթով յայտարարուած Ազգային սուգի օրուան նախօրեակին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ ուղղած էր լիբանանահայութեան ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին փակ պահելու իրենց սեփական եւ հանրային հաստատութիւնները: Ընդառաջելով Կեդրոնական կոմիտէի կոչին եւ առ ի յարգանք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան համար զոհուած բանակայիններու յիշատակին` Լիբանանի տարածքին գործող հայկական բոլոր հաստատութիւնները...

Ազգային Սուգի Օրուան Պարտադրած Կսկիծին  Ներքեւ` Լիբանան Այսօր Իր Վերջին  Հրաժեշտը Կու Տայ Նահատակ Բանակայիններուն

Ազգային Սուգի Օրուան Պարտադրած Կսկիծին Ներքեւ` Լիբանան Այսօր Իր Վերջին Հրաժեշտը Կու Տայ Նահատակ Բանակայիններուն

Երեք տարի շարունակ բանակայիններու ընտանիքներուն սիրտերը արիւնաքամ դարձուցած եւ լիբանանցիները յուզած էջերէն մէկը այսօր պիտի փակուի, երբ Ազգային սուգի օրուան պարտադրած կսկիծին ներքեւ` Լիբանան այսօր իր վերջին հրաժեշտը տայ նահատակ բանակայիններուն: 2 օգոստոս 2014-ին առեւանգուած եւ լիբանանեան բարձունքներուն ազատագրումէն ետք բացայայտուած նահատակ բանակայիններուն դագաղները պաշտպանութեան նախարարութիւն պիտի հասնին առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի...

Նախագահ Աուն Քաթարի  Իշխանէն Ստացաւ Նամակ Մը

Նախագահ Աուն Քաթարի Իշխանէն Ստացաւ Նամակ Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որ հանրապետութեան նախագահին յանձնեց Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի նամակը: Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուած էր լիբանանեան-քաթարական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն: Մըրի Թամիմ իշխանին ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունին, որ իր կարգին իր ողջոյններն ու...

«Լիբանանի Շահերուն Կը Ծառայէ Հեռու Մնալ  Բարեկամներուն Եւ Յատկապէս Եղբայրներուն Հետ  Մթնոլորտը Ելեկտրականացնելէ»   Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Լիբանանի Շահերուն Կը Ծառայէ Հեռու Մնալ Բարեկամներուն Եւ Յատկապէս Եղբայրներուն Հետ Մթնոլորտը Ելեկտրականացնելէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Ժողովը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստին սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակ բանակայիններուն յիշատակը: Ռիաշի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղած է կառավարութեան վարուելու հերոս բանակայիններուն նահատակութեան մակարդակին համաձայն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական...

Եարզէի Մէջ.   «Եւրոպական Միութիւնը Կը Շարունակէ  Զօրակցիլ Լիբանանեան  Պետութեան Կառոյցներուն»  Շեշտեց Լասըն

Եարզէի Մէջ. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Շարունակէ Զօրակցիլ Լիբանանեան Պետութեան Կառոյցներուն» Շեշտեց Լասըն

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասընը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Աունին` լիբանանցի բանակայիններուն նահատակութեան առիթով: Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան պետութեան կառոյցներուն` պահպանելու համար Լիբանանի միասնականութիւնը, ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը: Լասըն շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը բարձր կը գնահատէ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի գերիշխանութիւնը պահպանելու եւ...

Սամի Ժեմայէլ Երկրին Իրադարձութիւնները  Կը Քննարկէ Սլէյմանի, Շամունի Եւ Ռիֆիի Հետ

Սամի Ժեմայէլ Երկրին Իրադարձութիւնները Կը Քննարկէ Սլէյմանի, Շամունի Եւ Ռիֆիի Հետ

Նախագահելէ ետք Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ բանակայիններու առեւանգումին ծալքերը քողազերծելու եւ յանցագործները հաշուետուութեան կանչելու կարեւորութիւնը, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը: Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման եւ Ժեմայէլ քննարկեցին Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Աւելի ուշ Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ ընդունեց Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամունը եւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին:...

Թուատերա. «Մենք Լիբանանէն Դասեր Պէտք Է  Քաղենք, Որովհետեւ Մեր Ժողովուրդը  Կ՛ուզէ Իր Դիմագրաւած Տագնապէն Դուրս Գալ»

Թուատերա. «Մենք Լիբանանէն Դասեր Պէտք Է Քաղենք, Որովհետեւ Մեր Ժողովուրդը Կ՛ուզէ Իր Դիմագրաւած Տագնապէն Դուրս Գալ»

Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահ Ֆոսթին Արշանժ Թուատերա Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը սկսաւ ուղղուելով Կեդրոնական Պէյրութ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղելով Նահատակաց յուշարձանին: Ապա ան ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թուատերա շեշտեց, որ պէտք է երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել`...

Page 708 of 987 1 … 707 708 709 … 987

Արխիւներ