Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահ Ֆոսթին Արշանժ Թուատերան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան:
Հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Թուատերա տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Կեդրոնական Ափրիկէն յանձնառու է Լիբանանի բարգաւաճման:
Ան նշեց, որ Լիբանան եւ լիբանանցիները կը զօրակցին Կեդրոնական Ափրիկէի ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան` ընդգծելով բռնարարքներուն եւ սպանութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկխօսութիւնը լաւագոյնս կրնայ ծառայել Կեդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդին:
Ան շեշտեց, որ Թուատերայի հետ համաձայնած են ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն վերաբերող համաձայնագիրներ ստորագրած:
«Մենք կ՛ակնկալենք Կեդրոնական Ափրիկէի զօրակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ մեր մղած պայքարին, Սուրիոյ տագնապին, յատկապէս տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներուն եւ Իսրայէլի սպառնալիքներուն տոկալու առումով», ըսաւ նախագահ Աուն:
Իր կարգին, Թուատերա ողջունեց Լիբանանի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ բարեկամութիւնը` ընդգծելով, որ իր փափաքը եղած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն աշխուժացումը պաշտօնական դարձնել:
Թուատերա հաստատեց ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարելու կարեւորութիւնը:
«Ապահովական առումով Լիբանան ուղղակիօրէն կ՛ազդուի իր շրջապատէն, սակայն մեծ ուժ կը ցուցաբերէ այդ ազդեցութիւններուն դիմաց տոկալու իմաստով եւ այդ իրականութիւնը գնահատելի է: Կեդրոնական Ափրիկէ կը զօրակցի Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան», շեշտեց ան:
Ապա նախագահական պալատին մէջ պատրաստուեցաւ պաշտօնական ընթրիքի երեկոյ մը` ի պատիւ Թուատերայի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:
Այսօր` հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին Թուատերա Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին պիտի զետեղէ ծաղկեպսակ մը եւ ապա յաջորդաբար պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը, որուն անունով Սաատ Հանուշ ողջունեց նախագահ Աունի ճիգերը` արտերկրի լիբանանցիները Լիբանան վերադարձնելու եւ զանոնք Լիբանանին զօրակցելու մղելու առումով:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք յանձնառու է արտերկրի լիբանանցիներուն նկատմամբ իր հոգատարութեան եւ պիտի շարունակէ իր ջանքերը` անոնց տունդարձին համար:
«Պիտի մշակենք տնտեսական ծրագիր մը, որ կը քաջալերէ արդիւնաբերութիւնը, որպէսզի կարենանք Լիբանանին վերադարձնել բարգաւաճումն ու կայունութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն` ընդգծելով ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին կարեւորութիւնը:



