Իսրայէլեան ուժերը երէկ սկսան ռազմափորձի մը, որ ամէնէն կարեւորն ու ընդարձակը կը նկատուի անցնող 19 տարիներուն ընթացքին:
Իսրայէլի ձեռնարկած այս ընդարձակ ռազմափորձը կը կատարուի հիւսիսային Իսրայէլի մէջ եւ պիտի տեւէ տասը օր:
Ռազմափորձին կը մասնակցին 20 իսրայէլեան ջոկատներ, զրահապատներ, թնդանօթներ, կործանիչներ եւ ռմբաձիգներ, որոնց նպատակն է պատրաստ վիճակ ունենալ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ Հըզպալլայի կողմէ սանձազերծուելիք պատերազմի պարագային:
Իսրայէլեան ուժերուն տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 19 տարուան ընթացքին ամէնէն ընդարձակը նկատուող` հիւսիսային Իսրայէլի մէջ կատարուող այս ռազմափորձը մաս կը կազմէ իսրայէլեան ուժերուն 2017-ի ռազմական մարզումներու ծրագիրին:
Ռազմափորձին շրջագիծին մէջ իսրայէլեան ուժերը կատարեցին նաեւ հաւանական որեւէ պատերազմի ընթացքին իսրայէլացի քաղաքայիններ իրենց բնակարաններէն դուրս բերելու եւ ապահով տեղեր փոխադրելու փորձերը:
Ռազմափորձերուն մասնակցեցան նաեւ իսրայէլեան ծովուժն ու օդուժը:



