Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն արաբ եւ իսլամ ղեկավարները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով եւ անոնց ուղղեց իր բարեմաղթութիւնները` յոյս յայտնելով, որ Ատհայի տօնը ըլլայ առիթ մը իրենց երկիրներուն սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

ՏԱՐ Ֆաթուա լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կառավարութեան փոխանցած է 2018-ի պետական ամավարկը` համաձայն սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ըսաւ. «Մենք համաձայն ենք սուրիացի տեղահանուածները Սուրիա վերադարձնելու` Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցելով կամ առանց գործակցելու»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ Դիմադրութեան իրաւունքն է յաղթանակն ու Բ. ազատագրումը նշել, որովհետեւ անիկա ամբողջ Լիբանանին յաղթանակն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան ընդունեց Ալէյի ժողովրդային պատուիրակութիւնները, որոնց ներկայութեան ընդգծեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները բացայայտելու կարեւորութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընդգծեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի Բ. ազատագրումը ամբողջ շրջանին համար եղած է զարթնումի առիթ  մը` անդրադառնալու ահաբեկչութեան վտանգներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ Փարիզի մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները կառավարութեան կեցուածքները չեն արտայայտեր:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլա ՏԱՀԵՇ-էն ստանձնած է իրանեան պահակագունդի նահատակներէն մէկուն աճիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն գծով դրամատուներուն որդեգրած քայլը անպարկեշտ է` լիբանանեան տնտեսութեան առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ յաղթանակի իւրացումը լիբանանեան միասնականութեան չի ծառայեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի շրջանային իր ծրագիրին կապուած իր պատերազմը շարունակել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու նպատակով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Սելիմ Քարամ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումներն ու այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու նպատակով պարտադրուած տուրքերը պիտի սնանկացնեն Լիբանանը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանը ազատագրելու եւ անոր դէմ ծառացող որեւէ սպառնալիք դիմագրաւելու շրջագիծին մէջ Դիմադրութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանը հաւատադրժողական ահաբեկչութենէն ազատագրելու իմաստով բոլոր լիբանանցիները զօրակցած են լիբանանեան բանակին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի միջեւ կայ համաձայնագիր մը, ըստ որուն Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է կարելի եղածին չափ ընդարձակել:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի չարտօնէ, որ ոեւէ նահատակի արիւն յումպէտս հոսի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Արսալի դէպքերուն մասին հետաքննութիւն պիտի բացուի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի չընդունի այդ թղթածրարը փակել, մինչեւ բոլոր ծալքերուն եւ բոլոր յանցագործներուն ու մեղսակիցներուն բացայայտումը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Օպէյտ շեշտեց, որ Սուրիան եւ Դիմադրութեան առանցքը հարուածող քաղաքական ծրագիրը ձախողած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապաստանած վտանգաւոր պահանջուածները կը գտնուին ապահովութեան ուժերուն անձնատուր ըլլալու կամ Սուրիա փոխադրուելու ընտրանքներուն դիմաց: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակին կատարուող միջազգային զինուորական օժանդակութիւնը ի զօրու կը մնայ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւններ պիտի սկսին այցելել Լիբանան:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ժապեր Անսարի եւ Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Թամեր Սապհան Պէյրութի մէջ ունեցած են հանդիպում մը, Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու դրական նշոյլներուն շրջագիծին մէջ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» իսրայէլեան օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ նշմարած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Դամասկոս կատարած այցելութիւնը, սակայն զայն հարուածելու թիրախ չէ դարձուցած:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Արսալի գաղթակայաններուն մէջ կը փնտռէ յանցագործներ, որոնց դէմ դատական իշխանութիւնները բերման գիրեր արձակած են` տարբեր յանցանքներով ամբաստանելով զանոնք:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գտնուող վտանգաւոր յանցագործները փոխադրելու Սուրիա:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Հիւլէական Զէնք Կիրարկել

Յաջորդը

Իպրահիմ. «Առանձին Գործող Մահապարտներուն Վտանգը Տակաւին Առկայ Է»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?