Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Պաալպեքի Մէջ Տօնեց Լիբանանի Բ. Ազատագրումը

Սեպտեմբեր 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այս Յաղթանակը Կերտած Է «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Ոսկեայ Տարազը, Իսկ Մենք Յանձնառու Կը Մնանք Շարունակելու Յաղթանակի Ժամանակաշրջանը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութենէ ազատագրելու առիթով, Հըզպալլա երէկ Պաալպեքի մէջ կազմակերպեց Լիբանանի Բ. ազատագրումին նուիրուած տօնակատարութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան տասնեակ հազարաւորներ:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պաալպեքի «Մաարատ» հրապարակին վրայ սկսած տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ղազի Զաայթեր, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ, անոր զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Սաֆիէտտին, ինչպէս նաեւ քաղաքական մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ եւ զինուորականներ:

Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն ան շնորհաւորեց արձանագրուած յաղթանակը` հաստատելով, որ անիկա «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին եւ նահատակներուն կերտած յաղթանակն է:

«Այս առիթով 28 օգոստոս 2017-ը կը յայտարարենք Բ. Ազատագրումի տօն: Կ՛ողջունեմ բոլոր ներկաները եւ կը ներէք, որ անձամբ ձեր մէջ չեմ գտնուիր, ինչպէս որ էր պարագան 25 մայիս 2000-ին, երբ ներկայ գտնուեցայ Պընթ Ժպէյլ: Դժբախտաբար պայմանները տարբեր են եւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք տիրողներուն պայմանները անկէ առաջ տիրողներուն չեն նմանիր», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ այսօր իրենք կը տօնեն ազգային այլ հարսանիք մը` հաստատելով, որ պարտութեան ժամանակաշրջանը աւարտած է, եւ իրենք յանձնառու կը մնան յաղթանակի ժամանակաշրջանը շարունակելու:

«Արեւելեան լեռնաշղթային մէջ բոյն դրած ահաբեկչութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ սպառնացող իսկական վտանգ մըն էր, որովհետեւ Սուրիան կը հրկիզուէր, իսկ Լիբանանը ՏԱՀԵՇ-ի էմիրութեան մը վերածուելու ենթակայ էր:

«Յուլիս ամսուան ընթացքին Արսալի բարձունքներուն ազատագրումէն եւ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակէն ետք, ամերիկեան վարչակազմը լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն յայտնեցին իրենց ընդվզումը` շեշտելով, որ անոնք պէտք չէր արտօնէին Հըզպալլային, որ նման գործողութիւն կատարէ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի եւ Քաայի բարձունքները ազատագրելու նպատակով «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտին որոշումը տալը ինքնին նուաճում էր, որովհետեւ անիկա տրուած էր հակառակ պետութեան վրայ բանեցուող ամերիկեան ճնշումներուն:

Ամերիկացի պատասխանատուները մերժեցին այդ ճակատամարտը եւ սպառնացին լիբանանեան բանակին կատարուած ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնել:

«Այդ որոշումը եւ մղուած ճակատամարտը Լիբանանի նոր վարչակարգին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցած վարչակարգին նուաճումն է», հաստատեց ան:

Ան կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական որոշումի պատասխանատուներուն իրենց վստահութիւնը շնորհելու բանակին, որ փաստեց, թէ քաջ եւ հզօր բանակ է:

Սէյիտ Նասրալլա լիբանանեան պետութենէն պահանջեց գերիշխան որոշումով մը Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու յստակ ծրագիր մը մշակել:

Ան նշեց, որ ինք Իսրայէլի դէմ պատերազմի սանձազերծում չի պահանջեր, այլ բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու լուրջ ծրագիր մը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ինք այցելած է Սուրիա եւ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` անկէ խնդրելով միջամտել բարձունքներու ազատագրման ճակատամարտերուն, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումին:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ նախագահ Ասատ ընդգծեց, թէ այդ խնդրանքին ընդառաջելու համար ինք նեղ կացութեան պիտի մատնուի, «սակայն Սուրիոյ իշխանութիւնները ընդունեցին նեղ կացութեան մատնուիլ Լիբանանի համար եւ ոչ թէ Սուրիոյ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա լիբանանեան պետութենէն պահանջեց տալ լիբանանեան պետական եւ գերիշխան որոշում մը` Սուրիոյ հետ գործակցելու, առանց անսալու արեւմտեան երկիրներուն եւ դեսպանատուներուն բանեցուցած ճնշումներուն:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ բանակը, ժողովուրդն ու Դիմադրութիւնը Լիբանանի պարիսպներն են եւ որեւէ յարձակում կամ բռնագրաւումի փորձ կրնան պարտութեան մատնել: «Ո՛վ որ մտածէ Լիբանանին դպնալու մասին, անոր ձեռքը պիտի կոտրուի, որովհետեւ այսօր Լիբանանի մէջ ազգային հզօր կամք գոյութիւն ունի: Մենք մեր երկիրը անկախ, գերիշխան, ապահով, ինքնիշխան եւ արժանապատիւ կ՛ուզենք տեսնել», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Նկատի ունենալով իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգման 39-ամեակը` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ ինք ոչինչ կ՛աւելցնէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խօսքերուն վրայ, «սակայն պարզապէս կ՛ուզեմ հաստատել, որ մենք տակաւին Սատըրի ուղիով կ՛առաջնորդուինք եւ նման ազատագրումներ ու յաղթանակներ կը կերտենք», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

Նախորդը

Միջազգային Դաշինքը Տէր Զօրի Մէջ Հրոսէջք Կատարելով Իրեն Հետ Տարած Է ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 35 Դիմումի Ընդառաջում Օգոստոսին Քառամսեայ Հաշուեկշիռ` 114 Պարագայ

RelatedPosts

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ
Գլխաւոր լուրեր

Դատական Իշխանութիւնը Փուլ Կու Գա՞յ

Յունուար 27, 2023
Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար  Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Եւ Պասիլ Յաջորդաբար Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

Յունուար 27, 2023
Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ժըպրան Պասիլի
Լիբանանեան

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժըպրան Պասիլի

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In