Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Բանակայիններուն Առեւանգումին Մասին Հետաքննութիւն Պիտի Բացուի, Ապա Անիկա Պէտք Է Ներառէ Այդ Ժամանակաշրջանին Գործած Բոլոր Պատասխանատուները» Ընդգծեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը

September 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը ողջունեց լիբանանեան  բանակը` նշելով, որ ան փաստած է, թէ ինք հզօր եւ կարող բանակ է` աւելցնելով միաժամանակ, որ բանակը պատրաստակամ է իր պարտականութիւնները կատարելու, եթէ քաղաքական կամք գոյանայ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը յայտնեց, որ բանակը ինքզինք փաստած է եւ արժանի է զօրակցութեան ու վստահութեան:

Մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին հրճուանքը միախառնուած է առեւանգուած բանակայիններու նահատակութեան սիրտ ճմլող կսկիծով: Խորհուրդը ցաւ յայտնեց, որ այս թղթածրարին առումով փոխադարձ ամբաստանութիւններ եւ ցեխարձակումներ կատարուած են:

«Եթէ բանակայիններու առեւանգումին մասին հետաքննութիւն պիտի բացուի, ապա անիկա պէտք է ներառէ այդ ժամանակաշրջանին գործած բոլոր պատասխանատուները, եւ պէտք է վերջ տրուի քաղաքական ամբաստանութիւններու արձակումին», նշուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսները անդրադարձան նաեւ կրթաթոշակներու թղթածրարին եւ կոչ ուղղեցին կրթական մարմիններուն այդ թղթածրարին հետ զգուշութեամբ եւ առարկայականութեամբ վարուելու:

ՆՇԵՆՔ, որ Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ քաղաքացիներուն հարցերը լուծելու իմաստով յաւելեալ ճիգի կարիքը կայ, հակառակ առկայ քաղաքական հսկայ հոգերուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ահաբեկչութիւնը Պարտուած Է, Իսկ Նախագահ Աունի Օրով Հաշուետուութիւնը Մնայուն Ներկայութիւն Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.