Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնի Հետ Հանդիպումէն Ետք . «Տեղահանուածները Ծանր Բեռ Են Լիբանանի Տնտեսութեան Եւ Ապահովութեան Վրայ» Շեշտեց Հարիրի

September 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2017-ին, Փարիզի մէջ  հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներն ու Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութիւնները, յատկապէս լիբանանեան տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու առումով:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մաքրոն յայտնեց, թէ Հարիրիի այցելութիւնը կը խորհրդանշէ երկու երկիրներուն միջեւ տիրող հեզասահ յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուղղուին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

«Ֆրանսա միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին, որուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն քննարկումը պիտի շարունակուի քանի մը շաբաթ ետք` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան ընթացքին», հաստատեց ան:

Մաքրոն գնահատեց Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքի վերսկսումը, ինչպէս նաեւ ողջունեց Լիբանանի բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ կը շարունակէ Լիբանանի հետ իր զինուորական եւ ապահովական գործակցութիւնը` յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իմաստով:

Մաքրոն շեշտեց, որ որոշուած է Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի նուիրուած երկու խորհրդաժողովներ կայացնել. անոնցմէ առաջինը, որ պիտի գումարուի 2018-ի առաջին կիսուն, կը վերաբերի Լիբանանի տնտեսութեան օժանդակութեան, իսկ երկրորդը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:

«Ֆրանսա կը փափաքի Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն վերականգնելու դիւանագիտական նախաձեռնութիւն մը առաջադրել, ինչպէս նաեւ կը ջանանք շարք մը խորհրդակցութիւններ կատարել` լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը եւ վերջ տալու հոն արձանագրուող բռնարարքներուն», հաստատեց Մաքրոն:

Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները միշտ ալ եղած են պատմական ու հեզասահ: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին:

Ան շեշտեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք է միշտ բարելաւել` աւելցնելով, որ Լիբանանի համար սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը բաւական լուրջ հարց է: «Տեղահանուածները ծանր բեռ են Լիբանանի տնտեսութեան եւ ապահովութեան վրայ: Հետեւաբար այդ հարցին լուծման համար պիտի որդեգրենք գիտական ուղեգիծ մը», ըսաւ ան:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով յետաձգելու եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն զօրակցելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու առիթով:

Հարիրի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը Հարիրի աւարտեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլիի հետ իր հանդիպումով: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու իմաստով:

Միւս կողմէ, «Լը Մոնտ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ ինք եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արտօնած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սահմանագօտիին միւս կողմը անցնին` աւելցնելով սակայն, որ զանոնք Սուրիոյ արեւելեան շրջանները տեղափոխելու որոշումը Հըզպալլայի եւ սուրիացիներուն որոշումն էր:

«Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրելու իմաստով լիբանանեան բանակը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ», ըսաւ Հարիրի` հերքելով Իսրայէլի այն ամբաստանութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ հրթիռներու արտադրութեան գործարաններ կան:

Ան նշեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի եւ լիբանանեան կառավարութեան մէջ ներկայութիւն է, սակայն ան ամբողջ Լիբանանին չի տիրեր:

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Ապու Թաքիէի Զաւակը` Օպատա Հուժէյրի

Յաջորդը

Լաւրով. «Եթէ Արեւմուտքը Հետեւէր ԵԱՀԿ-ի Հռչակագիրներուն` Արցախի Տագնապը Լուծուած Կ՛ըլլար»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.