Ցաւալի իրականութիւնը պարտադրեց ինքզինք եւ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութեան լուծէն ազատագրելու յաղթանակին քաղցրութիւնը միաձուլուեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն նահատակուած ըլլալուն դառն ճշմարտութեան:
Երէկ կէսօրէ առաջ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Ներկայ էին նաեւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր եւ Ուատի Հմայտի մէջ բացայայտուած աճիւններու «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան հսկող բժիշկ Ֆուատ Այուպ:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն տասը նահատակ բանակայիններու հարազատներուն պաշտօնապէս յայտնեց, թէ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքները կը փաստեն, որ բացայայտուած աճիւնները անոնց զաւակներուն աճիւններն են:
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ իր կարգին ընդունեց նահատակ բանակայիններուն ընտանիքները եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց:
«Ես կը հպարտանամ ձեր հերոս զաւակներուն նահատակութեամբ, որովհետեւ անոնք իրենց արեամբ գծեցին յաղթանակի ուղին եւ անոնց անունով է, որ բանակի հրամանատարը յայտարարեց «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը, որ յաղթանակով պսակուեցաւ», ըսաւ ան:
Սարրաֆ հաստատեց, որ նահատակ բանակայիններուն հարցը ազգային հարց է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը, վարչապետն ու բանակի հրամանատարը մինչեւ վերջ պիտի հետապնդեն այդ հարցը, որ պէտք չէ քաղաքականացուի:
Նահատակ բանակայիններուն ընտանիքները ուղղուեցան նաեւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան հետաքննութեան եւ յանցագործներուն բացայայտումին:
Բոլոր պատասխանատուներուն կատարած իրենց այցելութիւններուն ընթացքին նահատակ բանակայիններուն ընտանիքները պահանջեցին բանակայիններուն առեւանգումին եւ անոնց սպանութեան մեղսակիցները` Օմար եւ Պիլալ Միքաթիները մահապատիժի ենթարկել:
Նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ վարչապետարանէն յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն իրենց զաւակներուն հարցին հետ խաղալ եւ զայն քաղաքականացնել:
«Ո՛վ որ առեւանգուած բանակայիններուն սպանութեան մեղսակցած է, պէտք է սպաննուի, որպէսզի նահատակները մեծարուին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ընտանիքները կը մերժեն ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի մասնակցութիւնը իրենց զաւակներուն պաշտօնական յուղարկաւորութեան:
Ան աւելցուց, որ Ռումիէի բանտը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու գործողութիւնը հաւանաբար պատճառ դարձած է իրենց զաւակներուն սպանութեան:
Եուսեֆ նշեց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն Մաշնուքի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ձեր զաւակները սպաննուած են. զանոնք նահատակներ կը նկատենք եւ անոնց լուսանկարները պատէն կը կախենք»:
Եուսեֆ ցաւ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ գաղտնի պահած է իրենց զաւակներուն նահատակութեան մասին իրեն հասած տեղեկութիւնները:
Երեկոյեան Մաշնուքի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մաշնուք կը հասկնայ բանակայիններու ընտանիքներուն զգացումը, կտրականապէս հերքելով իրեն վերագրուող վերոնշեալ յայտարարութիւնը:
Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն սպանութիւնը Ռումիէի մաքրագործումի գործողութեան լոյսին տակ կատարուած ըլլալու հաւանականութեան` Մաշնուք հաստատեց, որ բանակայիններուն սպանութեան հրահանգը Ռաքքայի ՏԱՀԵՇ-ի էմիրէն ստացուած է` Ռումիէի բանտին գործողութենէն տարի մը ետք:
Միւս կողմէ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրէն պահանջեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութեան վստահիլ լիբանանեան բանակի զինուորներու առեւանգումին եւ սպանութեան մանրամասնութիւններուն եւ այդ արարքները գործադրողներուն, մեղսակցողներուն եւ հրահրողներուն մասին հետաքննութիւնը:
Իր կարգին, դատախազ Սաքըր բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութենէն պահանջեց այդ մասին ընդարձակ հետաքննութիւն բանալ:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի ուրբաթ, 8 սեպտեմբեր 2017-ն յայտարարեց Ազգային սուգի օր, որուն ընթացքին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան, պետական հաստատութիւններուն եւ կառոյցներուն վրայ դրօշակները կիսով պիտի բարձրացուին, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանները պատշաճ յայտագիրներ պիտի սփռեն, իսկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին լիբանանցիները հինգ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ պիտի յարգեն նահատակ բանակայիններուն յիշատակը, զօրակցութիւն ցուցաբերած պիտի ըլլան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնած` նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ երեկոյեան կոչ ուղղեց պետական եւ անձնական բոլոր դպրոցներուն, արհեստից վարժարաններուն եւ համալսարաններուն իրենց դռները փակ պահելու ուրբաթ, 8 սեպտեմբերին` յարգելու համար նահատակ բանակայիններուն յիշատակը: