Լիբանանեան

Վարչապետ Հարիրի Ապու Ֆաուրի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական  Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստացաւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով` 22 նոյեմբերին տեղի ունենալիք զինուորական շքերթին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը: Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ընդունեց Ժորովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական զարգացումները: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի հրապարակեց երկու շրջաբերականներ, որոնց համաձայն, լիբանանեան...

Միւֆթի Տըրիան Պասիլէն Իմացաւ  Անոր Նախաձեռնութեան  Մանրամասնութիւնները

Միւֆթի Տըրիան Պասիլէն Իմացաւ Անոր Նախաձեռնութեան Մանրամասնութիւնները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` ընկերակցութեամբ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպի: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հանրապետութեան միւֆթիին ներկայացուց տակաւին չբացայայտուած նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիան իր դերակատարութիւնը ունի երկրին ազգային տագնապներուն լուծման մէջ` ընդգծելով, որ պէտք է անպայման օժանդակել միւֆթի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պիտի ապահովէ Մասնաայի եւ Ապուտիէի սահմանային դռներէն, ինչպէս նաեւ Արսալը Սուրիոյ կապող Զամարանիի անցքէն: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ թշնամի Իսրայէլ իր գործած բոլոր սպանդներով հանդերձ ժողովուրդի մը ապրելու կամքը պիտի չկարենայ կոտրել: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ Թրիփոլիի մէջ...

«Հըզպալլան Պատասխանատու Է Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթի Խոչընդոտումին,  Իսկ Ես Սիւննի Համայնքին Հայրն Եմ  Եւ Գիտեմ Անոր Շահերը Պաշտպանել»   Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Հըզպալլան Պատասխանատու Է Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Խոչընդոտումին, Իսկ Ես Սիւննի Համայնքին Հայրն Եմ Եւ Գիտեմ Անոր Շահերը Պաշտպանել» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով լրագրողներ, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ ու նախարարներ, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ: Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ երբեմն կան քաղաքական ուժեր, որոնք չեն փափաքիր երկրին բարգաւաճման առիթ տալ եւ չեն ուզեր, որ երկիրը կառավարութիւն ունենայ: «Ես...

Նախագահ Աուն. «Տնտեսական Կացութեան  Բարելաւումը Պիտի Ըլլայ Նոր Կազմուելիք  Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Տնտեսական Կացութեան Բարելաւումը Պիտի Ըլլայ Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը զգայուն է եւ միաժամանակ դժուար` նկատի ունենալով տարիներու կուտակումներն ու Միջին Արեւելքի ու աշխարհին մէջ չնախատեսուած դէպքերն ու տագնապները: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ տնտեսական կացութեան դիմագրաւած հարցերուն լուծման համար ճիգի եւ ջանքի կարիք կայ, եւ տնտեսական կացութեան բարելաւումը պիտի ըլլայ կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ տնտեսական կացութեան...

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զօրակցի  Կառավարութեան Կազմութեան Հարցի Լուծման  Նպաստող Իւրաքանչիւր Դրական Կեցուածքի

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան Կազմութեան Հարցի Լուծման Նպաստող Իւրաքանչիւր Դրական Կեցուածքի

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ազգային իսկական հաշտութիւնը կը սկսի ներքեւէն եւ վեր կը բարձրանայ` ամոքելու համար ժողովուրդին ցաւերը: Քանաան յայտնեց, որ այս էր իրենց նպատակը, երբ խորհրդարանին ներկայացուցած էին անյայտ կորսուածներու յատուկ օրինագիծ մը: Ան շեշտեց, որ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ պաղեստինցի ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլը պարտականութիւն է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը յաջողած է Մայս Էլ Ժապալի մօտ ձերբակալել նախապէս իսրայէլեան գործակալներու միլիսին անդամակցած լիբանանցի Մոհամետ Հիւսէյն Ֆաքիհը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի հետ...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Օրինագիծեր  Եւ Օրէնքի Առաջարկներ, Որոնցմէ Կարեւորագոյնը  Եղաւ Դեղորայք Ապահովելու Համար  75 Միլիառ Լ. Ոսկիի Յատկացումը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Օրինագիծեր Եւ Օրէնքի Առաջարկներ, Որոնցմէ Կարեւորագոյնը Եղաւ Դեղորայք Ապահովելու Համար 75 Միլիառ Լ. Ոսկիի Յատկացումը

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր: Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Պէտք է աւելցնել, որ նախքան օրէնսդրական նիստին գումարումը, Պըրրի եւ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ժամանակաշրջանին գումարուած օրէնսդրական առաւօտեան նիստը ընթացաւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով Պըրրիի խնդրանքը, որ երեսփոխանները կեդրոնանան օրէնքներուն եւ օրինագիծերուն վրայ`...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Առողջապահութեան  Քարտի Դրութեան Անհրաժեշտութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Առողջապահութեան Քարտի Դրութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս առողջապահութեան քարտին, առողջապահական ընդհանուր հոգատարութեան, դեղորայքի թղթածրարին, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ստանձնած ընկերային հարցերու լուծման միջոցներուն վերաբերող խնդիրներ: Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ առողջապահական քարտը ամէնէն արագ միջոցին պէտք է ի գործ դրուի, խորհրդարանին կողմէ այդ քարտին վերաբերող...

Պասիլ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Ներկայացուց  Կառավարութեան Մէջ Անկախ Սիւննիներու  Ներկայացուցչութեան Հարցը Լուծելու Առաջարկ Մը

Պասիլ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Ներկայացուց Կառավարութեան Մէջ Անկախ Սիւննիներու Ներկայացուցչութեան Հարցը Լուծելու Առաջարկ Մը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական առաւօտեան նիստէն անմիջապէս ետք, հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն ներկայացուց առաջարկ մը` նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցին լուծման մասին: Հանդիպումէն ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ անկախ սիւննիներու ներկայացման թնճուկին հանգուցալուծման մասին իր քայլը դիտմամբ սկսած է Պըրրիի հետ հանդիպումով:...

«Կառավարութեան Մէջ Սիւննի Համայնքի  Ներկայացուցչութեան Յարմարագոյն Լուծումը  Կեցուածքներու Միասնականութիւնն Է»   Շեշտեց Մախզումի

«Կառավարութեան Մէջ Սիւննի Համայնքի Ներկայացուցչութեան Յարմարագոյն Լուծումը Կեցուածքներու Միասնականութիւնն Է» Շեշտեց Մախզումի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի յայտնեց, որ նման պայմաններու ընթացքին հանրապետութեան միւֆթիին այցելութիւնը կարեւոր է, նկատի ունենալով, որ ան խոհեմութեան եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշն է: Մախզումի շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան յարմարագոյն լուծումը կեցուածքներու միասնականութիւնն է: Ան կոչ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուներուն կողմէ լիբանանցիներուն անտեսումը եւ միմիայն իրենք իրենց շահերուն վրայ կեդրոնացումը ցաւ կը պատճառէ իրենց: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի վերահաստատեց, որ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան թնճուկը միայն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կրնայ լուծել: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումով մը յայտնեց, թէ Թաէֆի համաձայնագիրը աւարտած է, հարց տալով, որ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանի Դէմ Որեւէ  Յարձակում Անպատասխան Պիտի Չձգենք,  Իսկ Մեր Դաշնակիցները Պիտի Չլքենք»

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանի Դէմ Որեւէ Յարձակում Անպատասխան Պիտի Չձգենք, Իսկ Մեր Դաշնակիցները Պիտի Չլքենք»

Նահատակի օրուան առիթով Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բոլոր նահատակները մեծարանքի արժանի են, որովհետեւ առանց անոնց նահատակութեան ոչ մէկ նուաճում կամ յաղթանակ կ՛իրագործուէր: «Եթէ մեր երկիրը ապահով է եւ արժանապատուութիւն ունի, ապա անիկա կը պարտինք հայրենիքին համար նահատակներուն թափած արեան», ըսաւ...

Պըրրի. «Լիբանանի Մէջ Սադրանքներուն  Պիտի Չվերադառնանք, Իսկ Իսրայէլ  Չի Յանդգնիր Մեր Երկրին Դէմ  Յարձակում Սանձազերծել»

Պըրրի. «Լիբանանի Մէջ Սադրանքներուն Պիտի Չվերադառնանք, Իսկ Իսրայէլ Չի Յանդգնիր Մեր Երկրին Դէմ Յարձակում Սանձազերծել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Իսլամական պատգամի սկաուտական շարժումի 16-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իսլամական-քրիստոնէական կամ միջիսլամական սադրանքները Լիբանան պիտի չվերադառնան: Պըրրի ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է այդ ուղղութեամբ մտածէ` հաստատելով, որ նման պարագայ լրիւ անհաւանական է: Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան պարագային լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն եւ ղեկավարներուն քննութիւնը կառավարական կազմը չէ, այլ` համերաշխութեամբ...

Կեդրոնական Պէյրութի Մէջ.   Վարչապետ Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի Օր  Հրաւիրած Է Մամլոյ Ասուլիսի

Կեդրոնական Պէյրութի Մէջ. Վարչապետ Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի Օր Հրաւիրած Է Մամլոյ Ասուլիսի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ կառավարութեան կազմութեան հարցին: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան մասնակցեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակի յիշատակին նուիրուած ընթրիքին, որ սարքուած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ, Փարիզի մէջ:  

Սէյիտ Նասրալլա Պասիլի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Սէյիտ Նասրալլա Պասիլի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ ուշ գիշերին ընդունեց արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող վերջին հանգոյցը, որ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութիւնն է: Քննարկուեցան այն ելքերն ու լուծումները, որոնք կրնան երաշխաւորել այդ թնճուկին հանգուցալուծումը եւ երաշխաւորել կառավարութեան կազմութիւնը: Սէյիտ...

Արսլան Շնորհակալութիւն Յայտնեց Ասատին`  Սուէյտայի Առեւանգուածներուն Ազատութեան Ձեռքբերման Համար

Արսլան Շնորհակալութիւն Յայտնեց Ասատին` Սուէյտայի Առեւանգուածներուն Ազատութեան Ձեռքբերման Համար

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սուէյտայի առեւանգուածներուն ազատութեան հարցով սուրիական բանակին ունեցած դերակատարութեան համար: Արսլան բարձր գնահատեց Սուէյտայի տիւրզի համայնքի զաւակները ՏԱՀԵՇ-ի լուծէն ազատ կացուցելու ջանքերը` հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքը կը մնայ սուրիական պետութեան եւ սուրիական բանակին հովանիին տակ: Արսլան ընդգծեց, որ տիւրզի...

Ժողովրդավարական Հանդիպում. «Կառչած  Կը Մնանք Լիբանանեան Ներքին Կացութիւնը  Հանդարտ Պահելու Կեցուածքին»

Ժողովրդավարական Հանդիպում. «Կառչած Կը Մնանք Լիբանանեան Ներքին Կացութիւնը Հանդարտ Պահելու Կեցուածքին»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը երէկ երեկոյեան գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Նիստէն ետք պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն կառչած մնալու լիբանանեան ներքին կացութիւնը հանդարտ պահելու կեցուածքին, ինչպէս նաեւ քայլ մը ետ երթալու եւ կառավարութեան կազմութիւնը շարունակելու ջանքերուն: Պլոքը կոչ ուղղեց արտակարգ քայլերու դիմելու` փրկելու համար երկիրը, որդեգրելով...

Սլէյման Եւ Զօր. Տել Քոլ Շեշտեցին  Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան  Կարեւորութիւնը

Սլէյման Եւ Զօր. Տել Քոլ Շեշտեցին Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման եւ զօր. Տել Քոլ շեշտեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը: Սլէյման բարձր գնահատեց 40 տարիէ ի վեր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ծառայութիւնը Լիբանանի մէջ`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ինքզինք կը պարտադրէ` իր պետութեան նկատմամբ լիբանանցի քաղաքացիին վստահութիւնը վերահաստատելու նպատակով: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող թնճուկը բարդ չէ` մաղթելով, որ անիկա շուտով լուծում կը գտնէ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի շեշտեց, որ անկախ սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու...

Page 603 of 988 1 … 602 603 604 … 988

Արխիւներ