Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս առողջապահութեան քարտին, առողջապահական ընդհանուր հոգատարութեան, դեղորայքի թղթածրարին, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ստանձնած ընկերային հարցերու լուծման միջոցներուն վերաբերող խնդիրներ:
Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ առողջապահական քարտը ամէնէն արագ միջոցին պէտք է ի գործ դրուի, խորհրդարանին կողմէ այդ քարտին վերաբերող օրինագիծի վաւերացումէն ետք:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ առողջապահութեան քարտը առողջապահական եւ ընկերային հոգատարութիւն կ՛ապահովէ լիբանանցիներուն:
Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները:
Սաֆատի շեշտեց, որ նախագահ Աուն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հանդէպ ազգային վարուելակերպ կը ցուցաբերէ` մաղթելով, որ անոր ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն եւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեցին 600 աշակերտներ, որոնք լիբանանեան տարբեր դպրոցներ կը ներկայացնէին:
Աշակերտական այս ընդարձակ պատուիրակութիւնը այցելեց նախագահական պալատ` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, շրջեցաւ նախագահական պալատին մէջ եւ մասնակցեցաւ պատանիները հետաքրքրող նիւթերու շուրջ ներկայացուած զեկուցումներու:




