ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուներուն կողմէ լիբանանցիներուն անտեսումը եւ միմիայն իրենք իրենց շահերուն վրայ կեդրոնացումը ցաւ կը պատճառէ իրենց:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի վերահաստատեց, որ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան թնճուկը միայն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կրնայ լուծել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումով մը յայտնեց, թէ Թաէֆի համաձայնագիրը աւարտած է, հարց տալով, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն երէկ շեշտեց, որ ինք չի վստահիր այն յայտարարութիւններուն, թէ Զուքի ելեկտրակայանը նաւթի փոխարէն բնական կազով պիտի բանեցուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ յայտնեց, որ իրենք լաւատես են` անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցի լուծմամբ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն կարելի է լուծումներ գտնել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի` կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող միակ պատասխանատուն է: Ուահապ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ: Հանդիպումէն ետք Ուահապ նշեց, որ Սաատ Հարիրի ատակ չէ վարչապետի պաշտօն ստանձնելու, որովհետեւ ան իր հօրմէն ժառանգած ընկերութիւնները սնանկացուցած է, եւ պիտի սնանկացնէ նաեւ լիբանանեան պետութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէ շեշտեց, որ այժմ գնդակը վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին մէջ կը գտնուի` մաղթելով, որ ան դրական վարուելակերպ կը ցուցաբերէ կառավարութիւնը փրկելու նպատակով:


