Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Օրինագիծեր Եւ Օրէնքի Առաջարկներ, Որոնցմէ Կարեւորագոյնը Եղաւ Դեղորայք Ապահովելու Համար 75 Միլիառ Լ. Ոսկիի Յատկացումը

November 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց շարք մը օրինագիծեր:

Նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Պէտք է աւելցնել, որ նախքան օրէնսդրական նիստին գումարումը, Պըրրի եւ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ժամանակաշրջանին գումարուած օրէնսդրական առաւօտեան նիստը ընթացաւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով Պըրրիի խնդրանքը, որ երեսփոխանները կեդրոնանան օրէնքներուն եւ օրինագիծերուն վրայ` առկախելով կառավարութեան կազմութեան փշոտ հոլովոյթին մասին իրենց տեսակէտներն ու փոթորկոտ ելոյթները:

Առաւօտեան նիստին ընթացքին խօսք առին 19 երեսփոխաններ, որոնք մեծաւ մասամբ անդրադարձան երկրին տնտեսական կացութեան եւ տարբեր մարզերու մէջ արձանագրուած սառած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան թղթածրարին, կենսոլորտի եւ Լիթանի գետի ապականումին:

Առաւօտեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց եօթը օրինագիծեր եւ առաջարկներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ դեղորայք ապահովելու նպատակով 75 միլիառ լ. ոսկիի յատկացումը:

Մնացեալ վեց օրինագիծերը կը վերաբերէին առողջապահական մարզի բարգաւաճման, Թրիփոլիի նաւահանգիստի ընդարձակումին, ինչպէս նաեւ ձիթաիւղի միջազգային համաձայնագիրին անդամակցութեան:

Խորհրդարանը միացեալ յանձնախումբերուն վերադարձուց երկու օրինագիծեր, յետաձգեց հինգ օրինագիծերու վաւերացումը, որոնցմէ երեքը հանրապետութեան նախագահին կողմէ խորհրդարանին վերադարձուած օրինագիծեր էին, ինչպէս նաեւ մերժեց երկու օրինագիծեր:

Կառավարութիւնը իր կարգին պահանջեց երկու օրինագիծերու վաւերացման յետաձգումը` զանոնք վերստին քննարկելու եւ բիւրեղացնելու նպատակով: Երկու օրինագիծերը կը վերաբերէին Լիբանանի տարածքին գտնուող նաւթային հարստութիւններուն եւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ու Նահր Պարետի զինեալ բախումներէն վնասուած ինքնաշարժները մեքանիքի տուրքէ զերծ կացուցելու առաջարկին:

Ցերեկային նիստը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին:

Քանի մը ժամուան դադարէ ետք, խորհրդարանը երեկոյեան ժամը 6:00-ին գումարեց իր գիշերային նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուեցան անյայտ կորսուածներու թղթածրարին վերաբերող օրինագիծը, Ելեկտրականութեան ընկերութեան 642 միլիառ լ. ոսկիի, երկարաժամկէտ դրութեամբ նիւթական յատկացում տրամադրելու օրինագիծը, ոչ բնակարանային վայրերու վարձքի պայմանագրութիւնները մէկ տարիով երկարաձգելու օրինագիծը, ինչպէս նաեւ Զահլէի ելեկտրականութիւնը ելեկտրական ընկերութեան հովանաւորութեամբ բանեցնելու օրինագիծը, ինչպէս որ առաջարկուած էր ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի կողմէ:

Երեկոյեան նիստին ընթացքին եւս չորս օրինագիծ յետաձգուեցաւ: Ապա Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը: Նշենք, որ այսօր օրէնսդրական նիստ պիտի չգումարուի` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը երէկ իր գումարած առաւօտեան եւ գիշերային նիստերուն ընթացքին աւարտեց օրակարգի վրայ գտնուող բոլոր օրինագիծերուն քննարկումը:

Նշենք, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին գումարումէն առաջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան շուրջ կան շարք մը միտքեր, որոնք պիտի քննարկուին Պըրրիի հետ:

Իր կարգին, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով դրական նշաններ կան:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր իր կարգին յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի վերադարձած է շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ 6 սիւննի անկախ երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իրաւունք ունին:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքները Դիմադրութեան կեցուածքներէն ոչինչ կը փոխեն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց արհեստավարժ անձնաւորութիւններէ բաղկացած մասնագէտներու կառավարութեան մը անմիջական կազմութիւնը:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւնը պէտք է հիմնուի յստակ չափանիշներու վրայ` նշելով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ներկայութեամբ կարելի չէ ամբողջական օրէնսդրական աշխատանք կատարել:

Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ ինք կը մերժէ վարչապետին իրաւասութիւնները խախտել` ընդգծելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը վարչապետին իրաւունքն է` խորհրդակցութեամբ հանրապետութեան նախագահին հետ: Ան կոչ ուղղեց լարուածութեան վերջ տալու, որովհետեւ կառավարութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի կազմուի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Առողջապահութեան Քարտի Դրութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Համանախագահներու Միջնորդական Առաքելութեան Արդիւնաւէտութեան Կարեւոր Պայման Է Զինադադարի Պահպանումը» Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.