Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պիտի ապահովէ Մասնաայի եւ Ապուտիէի սահմանային դռներէն, ինչպէս նաեւ Արսալը Սուրիոյ կապող Զամարանիի անցքէն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ թշնամի Իսրայէլ իր գործած բոլոր սպանդներով հանդերձ ժողովուրդի մը ապրելու կամքը պիտի չկարենայ կոտրել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ Թրիփոլիի մէջ բացումը կատարեց «Ալֆա» բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան նոր մասնաճիւղի մը: Ժարրահ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան ցանցը ընդարձակել:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հաստատեց, որ Իսլամական դրամատան կողմէ Թրիփոլիի նաւահանգիստին տրամադրուելիք նիւթական յատկացումը նաւահանգիստը պիտի վերածէ գումակային եւ յառաջդիմած նաւահանգիստի մը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 800 լ. ոսկիով, իսկ կազի թիթեղին սակը` 700 լ. ոսկիով նուազած են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ լուրջ ջանքեր ի գործ կը դնէ` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները, սակայն առանց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կամ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իրաւունքէն զիջելու:

ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիին շեշտեց, որ սիւննի համայնքին հայրը պէտք է արդար ըլլայ իր զաւակներուն միջեւ, հետեւաբար անկախ սիւննի երեսփոխաններուն ներկայացուցչութեան առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած տագնապը ցուցանիշ է, թէ երկրին համայնքային վարչակարգը դէպի կայունութիւն չի տանիր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ բոլորը կոչուած են սրբագրելու Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ արձանագրուած խախտումները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Լիբանանի տրամադրուած բարգաւաճման ծրագիրները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին իմացուցած է, թէ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութենէն փախուստ չկայ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պասիլ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէին համոզած է հանդարտութիւնը պահելու` շեշտելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրին հրաժարելու մղելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, անկախ սիւննի երեսփոխանները կը մերժեն, որ իրենցմէ վեցէն բացի այլ անձնաւորութիւն մը զիրենք ներկայացնէ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն, կը հաստատեն, որ պահանջներուն առաստաղը բարձր է, սակայն կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը լուծելու իմաստով դռները փակ չեն:

 

 

Նախորդը

Համագործակցութեան Յուշագիր` Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Պասիլէն Իմացաւ Անոր Նախաձեռնութեան Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.