Վարչապետ Սաատ Հարիրի երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ կառավարութեան կազմութեան հարցին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան մասնակցեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակի յիշատակին նուիրուած ընթրիքին, որ սարքուած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ, Փարիզի մէջ:



