Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան Կազմութեան Հարցի Լուծման Նպաստող Իւրաքանչիւր Դրական Կեցուածքի

November 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ազգային իսկական հաշտութիւնը կը սկսի ներքեւէն եւ վեր կը բարձրանայ` ամոքելու համար ժողովուրդին ցաւերը:

Քանաան յայտնեց, որ այս էր իրենց նպատակը, երբ խորհրդարանին ներկայացուցած էին անյայտ կորսուածներու յատուկ օրինագիծ մը: Ան շեշտեց, որ պահանջուած իրաւունքը չի մեռնիր` հաստատելով, որ խորհրդարանին կողմէ այդ օրինագիծին վաւերացումով Լիբանան յաղթանակ արձանագրեց:

Քանաան ողջունեց անյայտ կորսուած լիբանանցիներու ճակատագիրին բացայայտման համար պայքարած բոլոր գործիչները, յատկապէս հանգուցեալ Ղազի Աատը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամները, որոնք տիւ ու գիշեր աշխատեցան ի խնդիր անյայտ կորսուածներու դատին:

Քանաան շեշտեց, որ իրենց բառարանին մէջ անձնատուր ըլլալը տեղ չունի` հաստատելով, որ աւագ պայքարողին` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան օրով, կարելի պիտի ըլլայ արդիւնքներու յանգիլ:

Քանաան շեշտեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի յաջորդ կառավարութեան մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացուած ըլլան: Ան աւելցուց, որ Պասիլ նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է այս իմաստով` պահանջելով, որ համախմբումը կը զօրակցի կառավարութեան կազմութեան հարցի լուծման նպաստող իւրաքանչիւր դրական կեցուածքի:

Պասիլ – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երեկոյեան ուղղուեցաւ Քլեմանսօ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ձայնին կշռոյթը բարձր է, սակայն մթնոլորտը դրական է` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Տնտեսական Կացութեան Բարելաւումը Պիտի Ըլլայ Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.