Պաապտայի Մէջ. Անկախ Սիւննի Երեսփոխանները Պահանջեցին Կառավարութեան Մէջ Ներկայացնել Իրենցմէ Մէկը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց անկախ սիւննի երեսփոխանները, որոնք են` Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ֆայսալ Քարամէ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Քասեմ Հաշեմ, Ժիհատ Սամատ եւ Ատնան Թրապուլսի: Հանդիպումին ընթացքին սիւննի երեսփոխանները նախագահ Աունին ներկայացուցին յաջորդ կառավարութեան մաս կազմելու իրենց պահանջը: Հանդիպումէն ետք Մըրատ շեշտեց, որ իրենք 6 երեսփոխաններ են, որոնք ստացած են սիւննի համայնքին քուէներուն 30 առ հարիւրը,...




















