Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սուէյտայի առեւանգուածներուն ազատութեան հարցով սուրիական բանակին ունեցած դերակատարութեան համար:
Արսլան բարձր գնահատեց Սուէյտայի տիւրզի համայնքի զաւակները ՏԱՀԵՇ-ի լուծէն ազատ կացուցելու ջանքերը` հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքը կը մնայ սուրիական պետութեան եւ սուրիական բանակին հովանիին տակ:
Արսլան ընդգծեց, որ տիւրզի համայնքին կեցուածքը յստակ է եւ սուրիական պետութեան նկատմամբ զօրակցական: «Այդ կեցուածքը ոչ մէկ անգամ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ, ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու տիրող կացութիւնը», շեշտեց Արսլան:



