ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ինքզինք կը պարտադրէ` իր պետութեան նկատմամբ լիբանանցի քաղաքացիին վստահութիւնը վերահաստատելու նպատակով:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող թնճուկը բարդ չէ` մաղթելով, որ անիկա շուտով լուծում կը գտնէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի շեշտեց, որ անկախ սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու իմաստով գնդակը կը գտնուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան առումով այլ չափանիշներու դուռ բացուի, ապա քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութեան թղթածրարը դարձեալ պիտի բացուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին ազգային միասնականութեան կառավարութեան` դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանին սպառնացող սադրանքներն եւ բաժանումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկը պէտք է նկատել ազգային հարց եւ փութալ անոր լուծման:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ շրջանին մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Ծոցի կարգ մը երկիրներ, որոնք Իսրայէլի հետ գաղտնի յարաբերութիւններ ունէին, այսօր ուղղակիօրէն կը յարաբերին թշնամիին հետ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի վարուելակերպը պէտք է ըլլայ պետութենէ-պետութիւն հաւասարութեան հիման վրայ
ԱՆԿԱԽ նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ անոր հրամանատարութիւնը, որ յաջողութեամբ կրցաւ ճշդել Սպայից վարժարան մուտք գործող աշակերտները` պարկեշտութեամբ կատարուած քննութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ճիգ չի խնայեր կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած հարցին լուծում գտնելու առումով, ինչպէս նաեւ կը ջանայ երկու կողմերուն տեսակէտները իրարու կամրջել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառչած կը մնայ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ չներկայացնելու կեցուածքին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը լիազօրած է` լուծելու համար Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող սիւննի երեսփոխաններուն ներկայացուցչութեան հարցը:


