Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ պաղեստինցի ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլը պարտականութիւն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը յաջողած է Մայս Էլ Ժապալի մօտ ձերբակալել նախապէս իսրայէլեան գործակալներու միլիսին անդամակցած լիբանանցի Մոհամետ Հիւսէյն Ֆաքիհը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրուած նիւթական յատկացումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ ուղղուիլ եւ երկիրը առաջնորդել դէպի անորոշութիւն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ լիբանանցիները համոզուած են, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկրին ներկայ կայունութեան պահպանումին երաշխիքն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Նիստին ընթացքին Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքը երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն դիմաց մարտահրաւէր կը նկատուի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները լուրջ են` աւելցնելով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ զինուորական եւ ապահովական լուրջ վտանգներ: Ան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն քայքայումէն եւ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ դարձուցած համաձայնութեան կնքումէն ետք, Հըզպալլայի մեծամտութիւնը կանխատեսելի էր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վեց անկախ սիւննի նախարարներէն ոչ մէկը նախարար պիտի նշանակուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտել այցելեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի եւ Թամմամ Սալամի, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրոզնիա յայտնեց, որ շրջանային զարգացումները Դիմադրութեան առանցքի օգտին են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, անկախ սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու իմաստով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնը կեդրոնացած է այդ երեսփոխաններուն մօտիկ անձնաւորութիւն մը նախարար նշանակելու կարելիութեան վրայ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է երեսփոխանական բոլոր պլոքներու նախագահներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջած իրենց կեցուածքներուն մէջ հանդարտ մնալ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքէն, կը գրէ, թէ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` դիւրացնելու համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կարելի պիտի ըլլայ կազմել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հանդիպումները հանդարտեցուցած են քաղաքական ուժերը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, անոնք պատճառ դարձած են, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի չհրաժարի իր պաշտօնէն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծած են, որ անկախ սիւննիներու թնճուկը կարելի պիտի չըլլայ լուծել, եթէ կառավարութեան մէջ անոնց մօտիկ անձնաւորութիւն մը չներկայացուի:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական ուժերը կը փափաքին նախքան երկրին անկախութեան տօնը նոր կառավարութիւն մը ունենալ:

 

 

Նախորդը

«Խաշոկճիի Սպանութեան Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգին Մեղսակցութեան Որեւէ Ցուցանիշ Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան Կազմութեան Հարցի Լուծման Նպաստող Իւրաքանչիւր Դրական Կեցուածքի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.