Լիբանանեան

Պէյրութի Քաղաքապետն Ու Նահանգապետը  Եւ Ընդհանուր Դատախազութիւնը Կը Հետապնդեն  Յորդած Կոյուղիին Պատասխանատուները

Պէյրութի Քաղաքապետն Ու Նահանգապետը Եւ Ընդհանուր Դատախազութիւնը Կը Հետապնդեն Յորդած Կոյուղիին Պատասխանատուները

Անցեալ ուրբաթ օր տեղատարափ անձրեւին հետ միախառնուած եւ մայրաքաղաք Պէյրութի, յատկապէս Ռամլեթ Պայտայի շրջանը ողողած կոյուղիի ջուրերը ցնցեցին լիբանանեան պետութիւնը: Հաւանաբար այս հակազդեցութիւնը նոյնը պիտի չըլլար, եթէ այլ շրջաններու մէջ պատահէր այդ աղէտը: Պէյրութի քաղաքապետէն մինչեւ նահանգապետ եւ դատական իշխանութիւններ ահ ու սարսափի մատնուած ընդգծեցին արձանագրուած այդ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բանալու կարեւորութիւնը: Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի դատական...

Ռայի Պատրիարքը Նախագահ Աունը Շնորհաւորեց  Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

Ռայի Պատրիարքը Նախագահ Աունը Շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ շնորհաւորեց զայն Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով: Ռայի պատրիարքը նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Վատիկան կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները` մաղթելով, որ Անկախութեան տօնին առիթով լիբանանցիներուն նուէրը ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը: Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի...

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը  Արտաքին Ոչ Մէկ Գրաւի Հետ Կապուած Է»

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Արտաքին Ոչ Մէկ Գրաւի Հետ Կապուած Է»

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ կազմակերպեց երթ մը` դէպի Նահր Քալպի մօտակայքը զետեղուած Լիբանանէն օտար ուժերուն հեռացումը խորհրդանշող յուշաքարը: Յուշաքարին դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք մուտք գործած են Լիբանան եւ փորձած զայն իրենց լուծին տակ պահել` ձախողած են ու հեռացած Լիբանանէն, «իսկ մենք...

Կիտանեան. «Լիբանանցիներուն Կը Սպասէ  Խոստմնալից Զբօսաշրջական Եղանակ Մը»

«Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Վիճակը Տօնական Օրերուն Մտահոգիչ Չէ, Այնքան Ատեն Որ Ապահովական Կայունութիւն Կը Տիրէ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին պատասխանատուներուն ամէնէն արագ միջոցին կազմելու նոր կառավարութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոր ծնունդը կեսարեան պիտի ըլլայ կամ նորածինը յատուկ խնամքի կարիք պիտի ունենայ, որովհետեւ Լիբանան մեծ թիւով առիթներ կը կորսնցնէ եւ անոր դիմադրողականութիւնը հետզհետէ կը նուազի: Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն երկրին մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ իրենց ցասումը արտայայտելու բողոքի ցոյցերու...

Ատամնաբուժներու Սենտիքայի  Ընտրութիւն

Ատամնաբուժներու Սենտիքայի Ընտրութիւն

Ատամնաբուժներու սենտիքայի ընտրութիւններուն ընթացքին երէկ յաղթանակ արձանագրեց Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ դաշինքը, որ կրցաւ սենտիքայի 8 անդամներէն 6-ը ապահովել: Միւս երկու անդամները ընտրուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան թեկնածուները: Ատամնաբուժներու սենտիքայի անդամ ընտրուեցան Մարուն Ապու Քարամ, Սամեր Ռիֆայի, Էլիաս Եազպեք, Ժորժ Աուն, Ռալֆ Զարազիր, Աթեֆ Նոհրա, Ռոժէ Ռպէյզ (Փաղանգաւոր կուսակցութիւն) եւ Էմիլի Հայեք (Փաղանգաւոր կուսակցութիւն):...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ լաւատեսութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն առումով: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ ամէն տեսակի բնակեցումը` ըլլայ ան ուղղակի թէ անուղղակի: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանան առանց կառավարութեան է, որովհետեւ ոմանք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքները ընդունիլ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ Ժամալ Խաշոկճիի...

Անկախութեան Շքերթին Պատրաստուող  Բանակին Փորձերը Վերածուեցան Քաղաքացիները  Տանջող Երթեւեկի Խճողումի Մը

Անկախութեան Շքերթին Պատրաստուող Բանակին Փորձերը Վերածուեցան Քաղաքացիները Տանջող Երթեւեկի Խճողումի Մը

Լիբանանցիները երէկ արթնցան եւ փողոց իջան սովորական օր մը անցընելու եւ շաբաթավերջին սկիզբը յայտարարելու յոյսերով, սակայն... Լիբանանի երթեւեկը մնայուն կերպով խանգարող աննպաստ օդին եւ անձրեւներուն տեղատարափին կողքին, սակայն, երէկ լիբանանցիին կեանքը դժուարացնող եւ ուղղակի քաղաքացիները տանջող երթեւեկի խճողումին հիմնական պատճառը ուրիշ բան էր. լիբանանեան բանակին կողմէ Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներու փակումն էր` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք զինուորական շքերթին փորձերը...

Նախագահ Աուն. «Պիտի Շարունակենք  Փտածութեան Դէմ Պայքարիլ»

Նախագահ Աուն. «Պիտի Շարունակենք Փտածութեան Դէմ Պայքարիլ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարը, ընկերակցութեամբ` Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի տնօրէն Ֆարիտ Պալհաժի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան զօրակցութիւնը` Լիբանանին, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ճիգերը բոլոր մարզերուն, յատկապէս` ելեւմտական մարզին մէջ բարեկարգում...

Վարչապետ Հարիրի Խալիլի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը

Վարչապետ Հարիրի Խալիլի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակն ու նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Հարիրի ընդունեց Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարը, ընկերակցութեամբ` Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի...

Անկախ Սիւննի Երեսփոխաններու Խորհրդակցական  Հանդիպումը Կառչած Կը Մնայ Կառավարութեան Մէջ  Ներկայացուելու Իր Իրաւունքին

Անկախ Սիւննի Երեսփոխաններու Խորհրդակցական Հանդիպումը Կառչած Կը Մնայ Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուելու Իր Իրաւունքին

Անկախ սիւննի երեսփոխաններու Խորհրդակցական հանդիպումը երէկ գումարեց նիստ մը երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէի բնակարանին մէջ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը: Նիստէն ետք Խորհրդակցական հանդիպումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Կազայի բնակչութեան դիմադրութեան ոգին եւ գոյատեւելու կամքը, որոնք կը ջլատեն իսրայէլեան բռնարարքները` հակառակ Լիբանանի ներկայ շրջափակումին: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ հանդիպումը...

Նախագահ Աուն. «Ներքին Լիբանանեան Որեւէ  Համաձայնութիւն Կ՛ամրապնդէ Ազգային  Միասնականութիւնը Եւ Կը Հզօրացնէ Պետութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Ներքին Լիբանանեան Որեւէ Համաձայնութիւն Կ՛ամրապնդէ Ազգային Միասնականութիւնը Եւ Կը Հզօրացնէ Պետութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց օր մը առաջ Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ կատարուած հաշտութիւնը` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան որեւէ համաձայնութիւն, յատկապէս Լիբանանի արիւնալի պատերազմին ընթացքին իրարու հակառակորդ կողմերու միջեւ որեւէ համաձայնութիւն, կ՛ամրապնդէ երկրին ազգային միասնականութիւնը, կ՛ամրագրէ լիբանանեան դիմադրողականութիւնը, առաջնահերթ...

Պըրրի Ռայի Պատրիարքը, Ֆրենժիէն  Ու Ժահժահը Շնորհաւորեց` Հաշտութեան Առիթով

Պըրրի Ռայի Պատրիարքը, Ֆրենժիէն Ու Ժահժահը Շնորհաւորեց` Հաշտութեան Առիթով

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք Պքերքէի մէջ օր մը առաջ կայացած հաշտութեան առիթով: Պըրրի երէկ յետմիջօրէին Այն Թինէի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կենսոլորտին վերաբերող ընդհանուր հարցեր,...

Լիբանան-Հայաստան Բարեկամութեան  Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Հանդիպեցաւ Դեսպան Մկրտչեանին

Լիբանան-Հայաստան Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Դեսպան Մկրտչեանին

Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը, նախագահութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Հանի Քպայսի եւ Սելիմ Աուն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւն ծաւալելու կարեւորութիւնը:

«Զբօսաշրջական Առումով Լիբանանը  Չինաստանի Մէջ Շուկայադրելու Համար Արագ Քայլերով  Սերտուած Աշխատանքի Պիտի Դիմենք»   Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջական Առումով Լիբանանը Չինաստանի Մէջ Շուկայադրելու Համար Արագ Քայլերով Սերտուած Աշխատանքի Պիտի Դիմենք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց չինական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին չինական ճամբորդական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան առեւտրական կցորդ Լի Ճինկի ու «Քոնքորտ» ճամբորդական գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Ֆաքիհի եւ ներկայութեամբ «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան նախագահ Նատիմ Ժորժ Ֆրէյհայի: Հանդիպումին ընթացքին չինական պատուիրակութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն եւ Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերը այցելելու առիթը ունենալուն համար: Հանդիպումէն...

Թայմուր Ժոմպլաթ – Թոնի  Ֆրենժիէ Հանդիպում

Թայմուր Ժոմպլաթ – Թոնի Ֆրենժիէ Հանդիպում

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Ազգային համախմբում պլոքի անդամ, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի ու Մարատա հոսանքի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ուատահ Շահերի եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:  

Սաֆատի. «Կը Մնամ Լաւատես, Այնքան Ատեն  Որ Կառավարութեան Կազմութեան  Իմաստով Անկեղծութիւն Կայ»

Սաֆատի. «Կը Մնամ Լաւատես, Այնքան Ատեն Որ Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Անկեղծութիւն Կայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութիւնը: Հանդիպումէն ետք Սաֆատի յայտնեց, որ ներկայիս ի գործ դրուող բոլոր ջանքերն ու առաջադրուած նախաձեռնութիւնները կ՛օժանդակեն կառավարութեան կազմութեան: Ան հաստատեց, որ բոլորին համար կարեւոր է, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը, ազգային արդիւնաբերութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզը բարգաւաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան մաղթեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի եւ անոր աշխատանքը հեզասահօրէն ընթանայ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց լիբանանցիները` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի...

Հովանաւորութեամբ Ռայի Պատրիարքին`  Ֆրենժիէ Եւ Ժահժահ Պատմական Հաշտութիւն Մը  Կատարեցին` Էհտենի Սպանդէն Չորս Տասնամեակներ Ետք

Հովանաւորութեամբ Ռայի Պատրիարքին` Ֆրենժիէ Եւ Ժահժահ Պատմական Հաշտութիւն Մը Կատարեցին` Էհտենի Սպանդէն Չորս Տասնամեակներ Ետք

Պքերքէ երէկ յետմիջօրէին վկայեց պատմական իրադարձութիւն մը` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը, 40 տարուան գժտութենէ ետք: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ 13 յունիս 1978-էն ի վեր կոտտացող ցաւը, արիւնող վէրքը եւ տիրող սուգը երէկ աւարտեցան, երբ Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ հաշտուեցան` իրարու ձեռք թօթուելով եւ զիրար ողջագուրելով, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուելով իրենց մասին Պքերքէի...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Իր Անկախ  Ինքնորոշման Արժանիքը Վերականգնած Է  Եւ Հետեւաբար Դադրած` Հետեւորդ Ըլլալէ»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Իր Անկախ Ինքնորոշման Արժանիքը Վերականգնած Է Եւ Հետեւաբար Դադրած` Հետեւորդ Ըլլալէ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ նախկին դատաւորներու լիկայի վարչական խորհուրդը, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Անթոնի Իսա Խուրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ դատաւորներ Իզզաթ Այուպի (խորհուրդի փոխնախագահ), Հասան Հաժ, Ֆաուզի Տաղեր, Քամալ Քատի, Անթուան Ռահեպ եւ Անթուան Ռաշմանի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ընթացքի մէջ է եւ ոչ ոք պիտի կարենայ այդ պայքարին...

Պըրրի. «Սէյիտ Նասրալլա Եւ Հարիրի  Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն  Դիմաց Դռները Բաց Ձգած Են»

Պըրրի. «Սէյիտ Նասրալլա Եւ Հարիրի Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն Դիմաց Դռները Բաց Ձգած Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կառավարութեան կազմութեան տագնապի լուծման դիմաց դուռը բաց ձգած է` աւելցնելով, որ նոյն մօտեցումը ցուցաբերուած է նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ: Պըրրի յայտնեց, որ ինք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին ներկայացուցած է այն տեսակէտները, որոնց վրայ կարելի է...

Page 602 of 988 1 … 601 602 603 … 988

Արխիւներ