Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Իսլամական պատգամի սկաուտական շարժումի 16-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իսլամական-քրիստոնէական կամ միջիսլամական սադրանքները Լիբանան պիտի չվերադառնան:
Պըրրի ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է այդ ուղղութեամբ մտածէ` հաստատելով, որ նման պարագայ լրիւ անհաւանական է:
Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան պարագային լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն եւ ղեկավարներուն քննութիւնը կառավարական կազմը չէ, այլ` համերաշխութեամբ եւ փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շարունակումը:
«Կազմուելիք կառավարութեան անցընելիք քննութիւնը անոր աշխատանքային ծրագիրը պիտի չըլլայ, այլ` անոր աշխատանքի ստանձնումին առաջին 100 օրուան իրագործումները, ինչպէս նաեւ վաւերացուած նոր օրէնքներուն ենթարկուելու եւ այդ օրէնքները գործադրելու քայլերը», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ արաբեւիսրայէլեան տագնապին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով եւ շնորհիւ Դիմադրութեան, անոր զօրակցող շրջանակին եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան` կայ Իսրայէլը դրժող ուժ: «Հետեւաբար Իսրայէլ չի յանդգնիր մեր երկրին դէմ յարձակում սանձազերծել», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց, որ ներկայիս Լիբանանի սպառնացող միակ վտանգը տնտեսական կացութիւնն է, «որ եթէ այս ձեւով շարունակուի, շատ աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ»:



