Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով լրագրողներ, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ ու նախարարներ, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ:
Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ երբեմն կան քաղաքական ուժեր, որոնք չեն փափաքիր երկրին բարգաւաճման առիթ տալ եւ չեն ուզեր, որ երկիրը կառավարութիւն ունենայ: «Ես չեմ կրնար լիբանանցիներուն յայտնել, թէ մթնոլորտը դրական է, եւ չեմ կրնար զանոնք եւ ինքզինքս համոզել երեխային հայրը ըլլալու տեսութեամբ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի խոչընդոտումին` հաստատելով, որ կառավարութիւնը բախած է հսկայ արգելքի մը, որ ոմանց կողմէ կը կոչուի «Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու սիւննի երեսփոխաններ», «սակայն ես զայն աւելի մեծ արգելք մը կը նկատեմ, ինչպէս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ըսաւ, Հըզպալլայի ղեկավարութեան կողմէ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակելու որոշում մը», յայտնեց Հարիրի:
Վարչապետ Հարիրի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք 6 անկախ սիւննի երեսփոխանները ներկայացնող նախարար նշանակելու իմաստով անտեսում ցուցաբերած է` հաստատելով, որ իր կեցուածքը առաջին օրէն յստակ եղած է: Ան շեշտեց, որ ինք կտրականապէս մերժած է այդ կարելիութիւնը, եւ Հըզպալլային ու քաղաքական այլ ուժերու ըսած է, թէ անկարելի է նման պահանջի ընդառաջել: «Առաջին օրէն ի վեր կեցուածքս յստակ է, եւ եթէ ատիկա չի համոզեր ձեզի, ապա կրնաք ուրիշը գտնել, որովհետեւ ես ոչ ոքի հետ հարց կ՛ուզեմ ունենալ: Երկիրը արդէն մեծ թիւով հարցեր ունի եւ անոր հարցեր չեն պակսիր: Իսկ եթէ Հըզպալլա կառչած կը մնայ Մարտ 8-ի սիւննիներու ներկայացուցչութեան, ապա իր նախարարներուն բաժինէն կրնայ զանոնք նկատի ունենալ, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ», ըսաւ ան:
Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին 6 անկախ սիւննի երեսփոխանները իրեն ներկայացած ըլլային եւ իբրեւ մէկ պլոք նախարար պահանջէին, ապա ինք չէր կրնար մերժել զանոնք ներկայացնելու պահանջը:
Ան նշեց, որ երեսփոխաններ Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ատնան Թրապուլսի, Ֆուատ Մախզումի եւ Ուսամա Սաատ առանձին ներկայացած են խորհրդակցութիւններուն, իսկ մնացեալը` երեսփոխանական այլ պլոքներու ընկերակցութեամբ: «Անոնց անունով բանակցողը Հըզպալլան էր եւ առաջին օրէն տեղեակ էր բացասական կեցուածքիս մասին: Ուրեմն ինչո՞ւ պէտք էր հարցեր ստեղծել: Կը վերահաստատեմ, որ եթէ անոնք իբրեւ մէկ պլոք ներկայանային, ապա ես ստիպուած էի զանոնք ներկայացնել», շեշտեց վարչապետը:
Վարչապետ Հարիրի հերքեց նաեւ բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ ինք սիւննի համայնքին մենաշնորհը ունի` նկատել տալով, որ կայ սիւննի նախարար մը, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ պիտի ճշդուի, ինչպէս նաեւ կայ այլ նախարար մը, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ պիտի ճշդուի` նկատի ունենալով, որ Միքաթի կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն պլոքով ներկայացաւ եւ այդ պահանջը դրաւ:
«Ես Լիբանանի սիւննի համայնքին հայրն եմ եւ գիտեմ, թէ անոնց շահերը ո՛ւր կը գտնուին եւ ինչպէ՛ս պէտք է պաշտպանել զանոնք: Սիւննի համայնքը երկրին հիմնական համայնքներէն մէկն է եւ ոչ մէկ պայմանի տակ կրնայ այս կամ այն կուսակցութեան կամ առանցքին հետեւորդ համայնքը ըլլալ», շեշտեց Հարիրի:
Ան մերժեց համայնքային եւ յարանուանական կիրքեր հրահրելու իմաստով իր դէմ սէյիտ Նասրալլայի կատարած ամբաստանութիւնները` ընդգծելով, որ այդ ամբաստանութիւնները վայել չեն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին, Սաատ Հարիրիին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին: Ան շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը միշտ մերժած է երկփեղկումը եւ ընդգծած լիբանանցիներուն միջեւ ազգային միասնականութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի բոլորին, յատկապէս` Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարել, եւ այդ իրականութեան վկան է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ հովանաւորած է Այն Թինէի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին ու Հըզպալլայի միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան նիստերը:
«Մենք ենք, որ համոզուած ու հաւատքով շեշտեցինք, թէ երկրին փրկութիւնը միայն քաղաքական համաձայնութեամբ կարելի է ապահովել», նշեց ան:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ հաւատարիմ կը մնայ անոր ու սահմանադրութեան: Ան նշեց, որ ինք երբեք ժխտական մօտեցում չունի երկրին ու սահմանադրական գործունէութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ օր մը առաջ ինք ներկայ եղած է խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:
Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ երկրին համար կառավարութիւնը ազգային, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական կարիք է, իսկ անոր կազմութիւնը շատ դիւրին է, եթէ վերադառնանք օրէնքին ու կանոնին:
«Կառավարութեան կազմութիւնը իմ եւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնն է: Այդպէս կ՛ըսէ սահմանադրութիւնը, այդպէս կ՛ըսեն խորհրդակցութիւններն ու երկրին շահերը: Ես իմ պարտականութիւնս կատարած եմ, եւ կառավարութեան կազմը պատրաստ է, իսկ այս մասին նախագահ Աուն եւ Պըրրի տեղեակ են: Ուրեմն թող բոլորը հրամմեն ու իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն, որպէսզի երկիրը բնականոն ընթացքով շարունակէ», յայտնեց ան:
Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան հարցին լուծում մը ըլլար, ինք Պաապտա կ՛ուղղուէր` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքը Մարտ 8-ի սիւննիներուն յաջողութեան առիթ ընծայած է, «եւ ես գիտէի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի պարտուիմ, սակայն նոյն հաշիւը երկու անգամ վճարելու պատրաստակամութիւն չունիմ», եզրափակեց ան:



