Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Ներկայացուց Կառավարութեան Մէջ Անկախ Սիւննիներու Ներկայացուցչութեան Հարցը Լուծելու Առաջարկ Մը

November 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական առաւօտեան նիստէն անմիջապէս ետք, հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն ներկայացուց առաջարկ մը` նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցին լուծման մասին:

Հանդիպումէն ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ անկախ սիւննիներու ներկայացման թնճուկին հանգուցալուծման մասին իր քայլը դիտմամբ սկսած է Պըրրիի հետ հանդիպումով:

Պասիլ նշեց, որ իր նպատակն է այդ հարցին լուծման ելք մը գտնել` աւելցնելով, որ  իրարու դէմ կէտեր արձանագրելու ժամանակը չէ, այլեւ` կառավարութեան կազմութեան չափանիշներուն համաձայն` որոշ կողմի ներկայացուցչութեան իրաւունքը յարգելու:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենց շարժումին նպատակն է արդար ներկայացուցչութեան չափանիշներու հիման վրայ եւ առանց մէկը իրաւազրկելու` ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմել, ի՛նչ ալ ըլլան արգելքները:

Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտը իր բնոյթով ազգային խոչընդոտ է, որովհետեւ անիկա կ՛արգիլէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը: «Հետեւաբար այդ արգելքին լուծումը կարելի է ապահովել վերստին նկատի ունենալով կառավարութեան մէջ ներկայացուելու սկզբունքներն ու չափանիշները», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին հիման վրայ առաջարկուած որեւէ լուծում ճիշդ պիտի չըլլայ` հաստատելով, որ իրենք կը փափաքին Հարիրին վարչապետի իր պաշտօնին վրայ հզօր տեսնել:

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ Պըրրիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, Պասիլ ուղղուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:

Վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտարարութիւններ կամ մեկնաբանութիւններ չկատարեց:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Պասիլ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի հետ:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Մէջ Սիւննի Համայնքի Ներկայացուցչութեան Յարմարագոյն Լուծումը Կեցուածքներու Միասնականութիւնն Է» Շեշտեց Մախզումի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Առողջապահութեան Քարտի Դրութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.