Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը երէկ երեկոյեան գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:
Նիստէն ետք պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն կառչած մնալու լիբանանեան ներքին կացութիւնը հանդարտ պահելու կեցուածքին, ինչպէս նաեւ քայլ մը ետ երթալու եւ կառավարութեան կազմութիւնը շարունակելու ջանքերուն:
Պլոքը կոչ ուղղեց արտակարգ քայլերու դիմելու` փրկելու համար երկիրը, որդեգրելով վաւերացուած տնտեսական փաստաթուղթը:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը կոչ ուղղեց նաեւ գծելու տնտեսական սեղմումի քաղաքականութիւն մը, որ կարենայ զսպել մսխումը:
Միւս կողմէ, Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ նախանցեալ օր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային պատասխանելու իր նպատակն էր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել երկրին տնտեսական իրավիճակին վրայ եւ ոչ թէ քաղաքական կողմնակի բանավէճ բռնկեցնել:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամներուն ու համակիրներուն չներքաշուելու խոր բանավէճերու մէջ:
«Անգործութիւնն ու սովը ոչ ոքի պիտի խնայէ, հետեւաբար թող ամէն ոք հանդարտութեան կառչած մնայ, եւ երկխօսութիւնը շարունակուի», հաստատեց Ժոմպլաթ:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ օր մը առաջ թուիթըրեան գրառումով մը սէյիտ Նասրալլային ուղղած էր պատասխան մը, որուն մէջ Ժոմպլաթ իբրեւ սովորական քաղաքացի կոչ ուղղած էր անոր վերահաստատելու երկխօսութիւնը` երկիրը փրկելու համար տնտեսական փլուզումէ եւ սովէ, հեռու հրթիռներէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն:



