Բանակը Ձերբակալեց Արսալի Դէպքերուն Մեղսակցած Ահաբեկիչ Մը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակը տեսակարար գործողութեամբ մը Արսալի մէջ կրցած է ձերբակալել շրջանին մէջ բանակին դէմ գործուած դէպքերուն մեղսակցած ահաբեկիչ մը: Ըստ հաղորդագրութեան, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութենէն խմբակ մը Արսալի մէջ ներխուժած է ամէնէն վտանգաւոր նկատուող ահաբեկիչներէն Մուսթաֆա Հուժէյրիի, ծանօթ` իբրեւ Մուսթաֆա Անիս, բնակարանը, ուր ձեռնառումբ մը նետած է բանակայիններուն վրայ եւ...


















