Լիբանանեան

Պըրրի Խորհրդարանի  Դիւանը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին` սերտելու համար սպառողական համագործակցականներու իրաւատէրերուն գումար մը յատկացնելու կարելիութիւնները:

Ըստ Վարչապետ Հարիրիի  Մօտիկ Աղբիւրներուն.   Կառավարութեան Կազմութեան  Առումով Այս Շաբաթ Վճռորոշ Է

Ըստ Վարչապետ Հարիրիի Մօտիկ Աղբիւրներուն. Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Այս Շաբաթ Վճռորոշ Է

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հարցով վերջին խորհրդակցութիւն մը կը կատարէ քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ, որպէսզի այս շաբթուան ընթացքին վճռէ նոր կազմուելիք կառավարութեան ճակատագիրը: Նոյն աղբիւրները մաղթեցին, որ վճռորոշ այս շաբաթը դրական արդիւնքներ ունենայ` հաստատելով, որ միայն ինք կրնայ այլընտրանքի մասին մտածել: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ ընդունեց...

Միքաթի Ֆընիանոսի Հետ Քննարկեց  Շեքքա-Պէյրութ Ճամբուն Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի Ֆընիանոսի Հետ Քննարկեց Շեքքա-Պէյրութ Ճամբուն Վերաբերող Հարցեր

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Միքաթի անդրադարձաւ Շեքքա-Պէյրութ ճամբուն վերաբերող հարցերուն, յատկապէս այդ ճամբուն վրայ արձանագրուած սահանքներուն, որոնց պատճառով քաղաքացիները կը տառապին` Պէյրութը հիւսիսային Լիբանանին կապող այդ կարեւոր ճամբուն փակումին իբրեւ հետեւանք: Միքաթի յայտնեց, որ Ֆընիանոս յանձնառու է այդ ճամբուն նորոգութեան, սակայն հաստատեց նաեւ, որ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ օտար երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնագիրները վերստին քննարկելու` նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ դատական հարցեր յարուցեց «Տիար» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շարլ Այուպի դէմ` զինք զգուշացնելով անճիշդ եւ շինծու լուրեր տարածելու հետեւանքներէն: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ ուշ կամ կանուխ պիտի հիմնուի արաբական դրամատուն մը, որուն...

Սէյիտ Նասրալլա. «Սիոնականները Պիտի Չիմանան,  Թէ Ուրկէ՛ Գալիլիոյ Մէջ Յայտնուած Ենք,  Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Կառչած Կը Մնանք»

Սէյիտ Նասրալլա. «Սիոնականները Պիտի Չիմանան, Թէ Ուրկէ՛ Գալիլիոյ Մէջ Յայտնուած Ենք, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Կառչած Կը Մնանք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան հարցազրոյցի հիւրը դարձաւ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին: Ան հիւրընկալուեցաւ «Մայատին»-ի ընդհանուր տնօրէն, վաստակաւոր հաղորդավար Ղասսան պըն Ժըտտոյի կողմէ` «Տարուան զրոյց»-ը խորագիրը կրող հարցազրոյցի յայտագիրին շրջագիծին մէջ: Սէյիտ Նասրալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք առողջական հարցեր ունի` ընդգծելով, որ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը սուտ են: «Փա՛ռք Աստուծոյ, 60 տարեկան եմ...

Փարիզի Մէջ.   Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

Փարիզի Մէջ. Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շրջագիծին մէջ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ չհրապարակուեցան: Նշենք, որ կը նախատեսուէր, որ Հարիրի երէկ երեկոյեան երրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունենար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան...

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Մարոնի  Երեսփոխաններուն Կազմած  Յանձնախումբի Նիստին

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Մարոնի Երեսփոխաններուն Կազմած Յանձնախումբի Նիստին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ նախագահեց մարոնի համայնքի երեսփոխաններուն ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին կազմուած յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան մարոնի երեսփոխաններուն հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը եւ անոր բովանդակած որոշումները: Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ այդ որոշումները պէտք է գործադրել` համաձայն առաջնահերթութիւններուն: Երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող դրական զարգացումները: Ներկաները անհրաժեշտ նկատեցին կառավարութիւնը ամէնէն արագ...

Լրագրող – Գրագէտ Էտմոն Սաապ Մահացաւ

Լրագրող – Գրագէտ Էտմոն Սաապ Մահացաւ

Լիբանանցի վաստակաւոր լրագրող - գրագէտ Էտմոն Սաապ երէկ մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Էտմոն Սաապ ծնած է Զահլէի Մաալաքա գիւղաքաղաքին մէջ, 1940-ին: Ան փոքր տարիքէն ստիպուած եղած է աշխատիլ եւ աւելի ուշ շարունակել իր ուսումը` հասնելով մինչեւ բարձրագոյն ուսման: 1965-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` իբրեւ իրաւաբան: Աշխատակցած է «Նահար» օրաթերթին, ուր ան 45 տարի շարունակ ստանձնած է տարբեր պատասխանատուութիւններ` սկսելով...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Երկրագործութեան  Մարզին Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Երկրագործութեան Մարզին Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Անկախութեան շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները: Մուաուատ հաստատեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` կազմելու համար աշխուժ կառավարութիւն մը, որ կարենայ իրագործել բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ դէմ դնել բոլոր մարտահրաւէրներուն: Մուաուատ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել...

Սիւննի Խորհրդակցական  Հանդիպումը Վերահաստատեց  Նոր Կառավարութեան Մէջ  Իր Ներկայացուցչութեան Կառչածութիւնը

Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպումը Վերահաստատեց Նոր Կառավարութեան Մէջ Իր Ներկայացուցչութեան Կառչածութիւնը

Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը երէկ գումարեց նիստ մը իր անդամներէն երեսփոխան Ժիհատ Սամատի բնակարանին մէջ: Նիստէն ետք Սամատ ցաւ յայտնեց, որ Պէյրութի տնտեսական վեհաժողովէն բացակայած են արաբական երկիրներու նախագահներն ու թագաւորները, ինչպէս նաեւ Սուրիան: «Հանդիպումը ցաւ կը յայտնէ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած տեղքայլին գծով եւ կը վերահաստատէ նոր կառավարութեան մէջ իր ներկայացուցչութեան կառչածութիւնը», ըսաւ Սամատ` աւելցնելով, որ իրենք անշեղ կը...

Ռաատ. «Հըզպալլա Կը Զօրակցի Վենեզուելլայի  Ժողովուրդին Եւ Անոր Ազատ Ղեկավարութեան»

Ռաատ. «Հըզպալլա Կը Զօրակցի Վենեզուելլայի Ժողովուրդին Եւ Անոր Ազատ Ղեկավարութեան»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, այցելեց Լիբանանի մէջ Վենեզուելայի դեսպանատուն, ուր Հըզպալլայի եւ անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ողջոյնները փոխանցեց Վենեզուելայի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ղեկավարութեան: Ռաատ խստիւ դատապարտեց Վենեզուելայի ներքին հարցերուն մէջ ամերիկեան միջամտութիւնները` աւելցնելով, որ այդ միջամտութիւնները մարդկութեան պատմութենէն պէտք է ջնջուին այլեւս, որովհետեւ ժողովուրդներու շահերուն վնաս կը հասցնեն: Ռաատ...

Պուխարի Այցելեց Պահիա Հարիրիի

Պուխարի Այցելեց Պահիա Հարիրիի

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ Մատժալիունի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Պահիա Հարիրի բարձր գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն զօրակցութիւնը:

Տահեր. «Օդակայանին Մէջ Թմրեցուցիչ  Բացայայտող Սարքերու Հարց Կայ»

Տահեր. «Օդակայանին Մէջ Թմրեցուցիչ Բացայայտող Սարքերու Հարց Կայ»

Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ քանի մը օր առաջ բացայայտուած եւ գրաւուած 11 քկ քոքայինը Լիբանան հասած է թուրքերու կողմէ: Ան նշեց, որ մաքսանենգները Թուրքիայէն ուղղուած են Պրազիլ եւ թմրեցուցիչը փոխադրած են Լիբանան, ուր անոնց հսկայական գումարներ խոստացուած են: Տահեր ընդգծեց, որ կարեւորը այն է, թէ Լիբանան...

Հասան Եաագուպ. «Երէկ Գիշեր Պատահածը  Մահափորձ Է, Որ Դատական Իշխանութիւններուն Եւ Նախագահ Աունի Ուշադրութեան Կը Յանձնեմ»

Հասան Եաագուպ. «Երէկ Գիշեր Պատահածը Մահափորձ Է, Որ Դատական Իշխանութիւններուն Եւ Նախագահ Աունի Ուշադրութեան Կը Յանձնեմ»

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան իսկապէս զգայուն փուլէ մը կ՛անցնի` նկատել տալով, որ կարծէք իսկական պետութեան եւ ագարակին միջեւ իսկական պայքար գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Պըտնայէլի մէջ պատահածը երկու փուլով արձանագրուած է: Ան ըսաւ, որ առաջինը պատահած է առաւօտեան ժամը 1:00-ին, իսկ երկրորդը` առաւօտեան ժամը 4:00-ին: «Առաջին փուլին բնակարանիս դէմ կրակոցներուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՈՒԻՍԱՄ Իտի սպանութեան յիշատակին առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Իտի նահատակութենէն ետք անոր իրագործած նուաճումները տակաւին կը շարունակուին Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթը, որուն հետ քննարկեց...

Նաժարի Կոչ Ուղղեց Կազմելու  Կառավարութիւն Մը`  Պաշտպանելու Համար Լիբանանի Շահերն Ու Երկրին Կայունութիւնը

Նաժարի Կոչ Ուղղեց Կազմելու Կառավարութիւն Մը` Պաշտպանելու Համար Լիբանանի Շահերն Ու Երկրին Կայունութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի իրավիճակն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերը: Նաժարի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են ու եղբայրական` աւելցնելով, որ յատկապէս վարչապետ Հարիրիի հետ յարաբերութիւնները ամուր են: Ան ըսաւ, որ Գահիրէ...

Պըրրի Հիւպատոսներուն Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Պըրրի Հիւպատոսներուն Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող օտար եւ արաբական երկիրներու հիւպատոսները` գլխաւորութեամբ Ժոզեֆ Հապիսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Հապիս արտասանեց Պըրրիի կեցուածքները դրուատող խօսք մը, ինչպէս նաեւ ողջունեց օրէնսդրական իշխանութեան դերակատարութիւնը: Հապիս հիւպատոսներուն անունով շնորհաւորեց Պըրրին` անոր փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Պըրրի նոյն իմաստութեամբ կը շարունակէ վարել խորհրդարանին աշխատանքները` հաստատելով, որ...

Պուխարի. «Լիբանանեան-Սէուտական  Յարաբերութիւնները Պիտի Ամրապնդուին  Բարձր Մակարդակի Վրայ  Կատարուելիք Այցելութիւններով»

Պուխարի Կը Կազմակերպէ Ձայնասփիւռի Կայաններու Պատասխանատուներու Եւ Վաստակաւոր Հաղորդավարներու Յատուկ Հանդիպում Մը

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Քֆարտըպիանի «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ հիւրընկալեց լրագրողներ, մշակութային անձնաւորութիւններ եւ դիւանագէտներ, որոնց շարքին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի դեսպաններ Համատ Սայիտ Շամիսին եւ Ապտել Ալ Քանային, Պէյրութի նահանգապետ, դատախազ Զիատ Շպիպը, Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզը, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ, որոնց շարքին էր «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Պուխարիի կազմակերպած...

Պըրրի. «Պէտք Է Զգուշանալ Իսրայէլեան  Ոտնձգութիւններէն, Յատկապէս  Երբ Շրջանային Պատերազմի Մասին Շշուկներ Կան»

Պըրրի. «Պէտք Է Զգուշանալ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւններէն, Յատկապէս Երբ Շրջանային Պատերազմի Մասին Շշուկներ Կան»

Իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն խախտել լիբանանեան գերիշխանութիւնը` մերթ թռիչքներ գործելով լիբանանեան հողերուն վերեւ, մերթ խզելով անոր ծովային սահմանները, մերթ անոր օդային տարածքէն Սուրիան ռմբակոծելով, ինչպէս նաեւ սահմանային շրջանին մէջ քարաշէն պատնէշի կառուցումը շարունակելով: Այս ոտնձգութիւնները Լիբանան կ՛արձանագրէ` զանոնք ներկայացնելով ՄԱԿ-ին, որ սակայն ոչինչ կը կատարէ, ընդհակառակն` միջազգային կառոյցը մնայուն կերպով կ՛ենթարկուի իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ տեղի կու տայ անոնց դիմաց: Այս...

Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Կառավարութեան  Կազմութեան Առումով Վարչապետին  Ջանքերուն Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

Միւֆթի Տըրիան Կը Հաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Վարչապետին Ջանքերուն Զօրակցելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի դրուատեց միւֆթի Տըրիանի իմաստուն եւ չափաւորական կեցուածքները, որոնց ընդմէջէն կ՛ամրապնդէ ազգային միասնականութիւնը: Մախզումի շեշտեց, որ ինք համաձայն է միւֆթի Տըրիանի այն կեցուածքին, որ պէտք է զօրակցիլ կառավարութեան կազմութեան իմաստով վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն: Ան...

Page 585 of 988 1 … 584 585 586 … 988

Արխիւներ