ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պիտի դառնայ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Հիուար Ամ» քաղաքական հարցազրոյցի յայտագիրին հիւրը: Սէյիտ Նասրալլա պիտի հիւրընկալուի «Մայատին»-ի ընդհանուր տնօրէն Ղասսան պըն Ժըտտոյի կողմէ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը: Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով, մազութը` 300 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 100 լ. ոսկիով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի պանդոկներէն մէկուն մէջ ապահովական տեսակարար գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալած է թմրեցուցիչի «նշանաւոր» մաքսանենգ մը` Մ. Պ.:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Սուէյրիի մէջ ձերբակալած է 8 սուրիացի քաղաքացիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Լիբանան եւ կը զբաղին մաքսանենգութեամբ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը քանի մը օրէն կազմուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան համաձայն, Արաբական տնտեսական վեհաժողովին պատգամները քաջալերելի չեն եւ կը փաստեն, որ Լիբանան սուղ կը վճարէ շրջանային տագնապներուն միջամուխ դառնալու գինը:
ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին ներկայացուցչութիւնը արդէն իսկ դարձած է անխուսափելի իրականութիւն մը, որմէ կարելի չէ հրաժարիլ: Հաշեմ նշեց, որ այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դրական մօտեցում մը շօշափած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն տեղադրեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի լուսանկարը եւ անոր կցեց հետեւեալ տողը. «Ցաւոտ եւ յոյսով լեցուն ժողովուրդդ կը սպասէ զայրոյթիդ»:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի ընդգծեց, որ երկու ամիսէ ի վեր յստակ է բոլորին, որ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած անկախ սիւննի նախարարի ներկայացուցչութեան հարցը պիտի լուծուի` զայն հանրապետութեան նախագահին յատկացուած նախարարներու չափաբաժինէն նկատելով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի գաղտնապահ է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին իմաստով իր թափած ջանքերուն գծով: Ան աւելցուց սակայն, թէ հաստատ է, որ կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ 30 նախարարներէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Ժըտաան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու` լիբանանեան տնտեսութեան զօրակցելու եւ օժանդակելու համար:
ՌՈՒՍ դիւանագէտ մը խստիւ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլի Լիբանանի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով լիբանանեան ներքին հարցերուն ուղղակի միջամտութիւն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան ջանքերը վերսկսելու առումով, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը գտնուի բաւական դժուար կացութեան մէջ:
«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին համաձայն գտնուած է երեք տասերէ բաղկացող կառավարութեան կազմին գծով: Նոյն կայքը ընդգծեց, որ այժմ կը կատարուի նախարարութիւններու բաշխումը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Այն Թինէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ելեւմտական կացութիւնը շատ վատ է եւ հաւանական է, որ ելեւմուտքի նախարարը այս ամսուան աւարտին չկարենայ գումարներ յատկացնել: