Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց եւ ընդհանուր արժեւորում կատարեց ելեկտրածին շարժակներու միջոցով ելեկտրականութիւն ստանալու առումով յատուկ հաշուիչներ զետեղելու դրութեան:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ապի Խալիլ շեշտեց, որ ելեկտրածին շարժակներէն ստացուած ելեկտրականութեան յատուկ հաշուիչները երկու նախարարութիւններուն կողմէ իրագործուած դրական եւ յաջող փորձառութիւն մը կը նկատուին:
Ան նշեց, որ այս ձեւով ուժանիւթի նախարարութիւնը հակակշիռի տակ պահեց ստացուած ելեկտրականութեան համար ճշդուած սակը, իսկ առեւտուրի նախարարութիւնը պաշտպանեց սպառողին իրաւունքը եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ այդ հաշուիչներուն զետեղումը պարտադրելու իմաստով:
Ապի Խալիլ ընդգծեց, որ զոյգ նախարարութիւնները գործակցեցան նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան հետ եւ կրցան քաղաքապետութիւններուն ճամբով շրջաններուն մէջ գործակցութիւնը հեզասահ դարձնել:
Իր կարգին, նախարար Խուրի հաստատեց, որ հաշուիչներ զետեղելու աշխատանքը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին այդ հոլովոյթը աւարտել:
Խուրի նկատել տուաւ, որ կարգ մը շրջաններու մէջ հաշուիչներու զետեղման հոլովոյթը աւելի դժուար կ՛ընթանայ` քաղաքապետութիւններուն նուազ գործակցութեան պատճառով, «սակայն այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի` ներքին գործոց նախարարութեան եւ դատական իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ այդ ծրագիրը գործադրել», ըսաւ ան:
Խուրի շեշտեց, որ այս դրութեամբ քաղաքացին 60-80 առ հարիւր խնայողութեամբ կը ստանայ ելեկտրածին շարժակներուն հայթայթած ելեկտրականութիւնը, իսկ ելեկտրածին շարժակներուն սեփականատէրերը 10 առ հարիւրի շահ կ՛ապահովեն: