Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Վարչապետ Հարիրի Կը Յուսայ, Որ Շաբաթ Մը Ետք Կամ Քանի Մը Օրէն Կարելի Պիտի Ըլլայ Կառավարութիւն Կազմել»

January 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրիի եւ Պըրրի քննարկեցին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով աշխուժութիւն մը արձանագրուած է: Ան նշեց, որ վարչապետ Հարիրի իր ջանքերը բազմապատկած է եւ կը յուսայ, որ շաբաթ մը ետք կամ քանի մը օրէն կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն կազմել:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Պըրրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են:

«Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ են պարտականութիւններս: Քաջածանօթ եմ նաեւ երկրին շահերուն, երկրին կառուցուածքին, երկիրը բաղկացնող շերտերուն եւ երկրին կարիքներուն», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի կառավարութեան, յատկապէս նկատի ունենալով իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք կը գործուին ո՛չ միայն Սուրիոյ դէմ, այլեւ` Լիբանանի, որովհետեւ իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի օդային տարածքները կ՛օգտագործեն հարուածելու համար Սուրիան: «Եւ նման փուլի մը ընթացքին որեւէ զարգացում վտանգ կը սպառնայ Լիբանանի ճակատագիրին», աւելցուց Պըրրի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան կազմութեան ի՞նչ կարելիութիւններ քննարկած է վարչապետ Հարիրիի հետ, Պըրրի ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ նոր կարելիութիւններ կան, պիտի չբացայայտեմ: Սակայն ըսեմ նաեւ, որ 32 նախարար հաշուող կառավարութեան տարբերակը չէ, որ կը քննարկուի: Կը հաստատեմ, որ վարչապետ Հարիրիի մօտ 32 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան տարբերակ չի գտնուիր»:

Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դարձեալ արգելքներու բախի եւ անկարելի ըլլայ անոր անյապաղ կազմութիւնը, ապա ինք պիտի խնդրէ ընթացաւարտ կառավարութենէն գումարել նիստ մը` վաւերացնելու համար 2019-ի պետական ամավարկը: Ան անդրադարձաւ նաեւ խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստերուն:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Այսօր Սկսած Է»

Յաջորդը

Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր. Երեքշաբթի Օրերու Ս. Պատարագները Եւ Աստուածաշնչական Սերտողութեան Հանդիպումները Ընթացք Առին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.