Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փետերսոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան կը պատրաստուի Սուրիա այցելելու` նախքան Արաբական լիկայի վեհաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ ամսուան ընթացքին:



