Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան կեդրոնը` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Շաքիպ Խուրիի, խորհրդականներ Փիեռ Պաաքլինիի ու Անթոնիօ Ազիզիի եւ միացեալ վարչութեան տնօրէն Մունիր Սուպհի:
Ֆընիանոսի այցելութեան առիթով կեդրոնին մէջ կատարուեցաւ նախարարին մեծարանքի հանդիպում մը` ողջունելով քաղաքացիական օդանաւորդութեան հսկիչներուն կարգը բարձրացնելու նախարարին որոշումը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, ճարտարապետ Ֆատի Ֆաուազ:
Ֆընիանոս յայտնեց, որ այդ որոշումը մաս կը կազմէր այն կէտերուն, որոնք Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան (Այ. Սի. Էյ. Օ.) կողմէ պահանջուած էին` աւելցնելով, որ ինք պիտի ջանայ կազմակերպութեան ճշդած բոլոր կէտերը ամբողջացնել, որպէսզի լիբանանեան քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը միջազգային չափանիշներուն համապատասխանէ:
Ֆընիանիոս շեշտեց, որ այդ որոշումը քննիչները յաւելեալ պատասխանատուութեան յանձնառութեան տակ կը դնէ` աւելցնելով, որ ինք օր մը առաջ ստորագրած է նաեւ այլ որոշում մը, որուն հիման վրայ քննիչներու գիշերային անձնակազմին մաս կազմողները իրենց աշխատանքի գիշերուան յաջորդող առաւօտը չեն կրնար աշխատանք ստանձնել` քաղաքացիական օդանաւորդութեան անվտանգութեան համար:
Ֆընիանոս շնորհակալութիւն յայտնեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան, որ միշտ կ՛օժանդակէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքները հեզասահ դարձնելու պարտականութեան:
Նշենք, որ մեծարանքի հանդիպումէն ետք, Ֆընիանոս աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու համար այն դասաւորումներն ու աշխատանքները, որոնք պէտք է ամբողջանան օդակայանին մէջ` նախքան 6 փետրուարի հաշուեքննութիւնը:
«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այդ հաշուեքննութեան, որուն նախօրեակին վարչապետ Հարիրի պիտի նախագահէ նիստի մը, որուն իմ կողքիս ներկայ պիտի ըլլան այլ նախարարներ», ըսաւ Ֆընիանոս` աւելցնելով, որ այս հաշուեքննութենէն անմիջապէս ետք` 15-16 փետրուարին արդէն իսկ արդիւնքները շօշափելի պիտի ըլլան բոլորին համար:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին յատուկ նիստի մը, որուն Ֆընիանոսի կողքին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժորժ Տումեթ, Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ, ինչպէս նաեւ օդակայանի վարչական հարցերու եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզերու տնօրինման պատասխանատուներ:
Նիստէն ետք Ֆընիանոս հաստատեց, որ քաղաքացիներուն ապահով ճամբորդութիւնը կը մնայ ամէնէն կարեւորն ու առաջնահերթը:
Ան նշեց, որ վարչապետ Հարիրի շեշտած է, թէ ինք օդակայանէն դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալէ, «եւ մենք այդ ուղղութեամբ կը գործենք», ըսաւ ան:
Ֆընիանոս ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցները հաստատեցին, որ օդակայանին մէջ զինուորական ոչ մէկ գործունէութիւն կ՛արձանագրուի, բացի լիբանանեան բանակին շահերուն ծառայող գործողութիւններէն: