Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիացի Տեղահանուածներ Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

January 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան իրենց գիւղաքաղաքները:

Թրիփոլիի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ մեծ թիւով տեղահանուածներ համախմբուեցան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն հետեւելով կատարեցին փաստաթուղթերու ստուգման յատուկ գործառնութիւններն ու ուղղուեցան դէպի փոխադրակառքերը, որոնցմով պիտի փոխադրուէին Սուրիա:

Սայտայի մէջ պատկերը նոյնն էր, Սայտայի ֆութպոլի դաշտին մէջ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ համախմբուեցան եւ վերադարձան Սուրիա:

Թրիփոլիէն Սուրիա ուղղուող տեղահանուածները օգտագործեցին Տապպուսիէի եւ Արիտայի սահմանային անցքերը:

Իսկ այլ շրջաններէ սուրիացի տեղահանուածներ Սուրիա վերադարձան Մասնաայի եւ Ժտայտեթ Եապուսի սահմանային անցքէն:

Սուրիացի տեղահանուածները դրուատեցին սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակը` ահաբեկչութեան դէմ:

Նշենք, որ երէկ կէսօրէ ետք հաղորդուեցաւ, որ Զամարանիի անցքէն Սուրիա ուղղուիլը անկարելի եղած է` ձիւնածածկ լեռնային ճամբաներուն պատճառով, հետեւաբար Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը որոշած է համապատասխան դասաւորումները կատարելէ ետք զանոնք փոխադրել իրենց գիւղաքաղաքները, ուրկէ անոնք փախուստ տուած էին պատերազմի ընթացքին:

Նշենք, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կը կատարուի հեզասահ կերպով, շնորհիւ Սուրիոյ կառավարութեան եւ լիբանանեան կողմին միջեւ գործակցութեան:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու միջազգային ներկայացուցչութեան պաշտօնական բանբեր Լիզա Ապու Խալետ յայտնեց, որ իրենց դերակատարութիւնն է պաշտպանել սուրիացի տեղահանուածները եւ զօրակցիլ անոնց որոշումին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան հասած 11 հազար սուրիացի տեղահանուածներ արդէն իսկ վերադարձած են:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց Արսալի Դէպքերուն Մեղսակցած Ահաբեկիչ Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.