Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ շարունակեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները: Իսրայէլեան օդուժը կէսօրին թռիչքներ գործեց Պէյրութի, Պեքաայի եւ Պաալպեքի վերեւ: Առաւօտեան իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործեցին նաեւ Սուրի վերեւ` խզելով ձայնի պատը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց իր կուսակցութեան բոլոր անդամներուն եւ համակիրներուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Պաապտայի Արդարութեան պալատը չուղղուելու: Նշենք, որ Արսլան այսօր պիտի ուղղուի Արդարութեան պալատ եւ Շուէյֆաթի դէպքերուն մասին իր վկայութիւնը ներկայացնէ արդարութեան իշխանութիւններուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի երէկ շեշտեց, որ Աքքարի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնելու առումով աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր երէկ յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գումարելու իր նիստերը եւ վաւերացնելու պետական ամավարկը:

ՍԻՒՆՆԻ անկախ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը կառավարութեան կազմութեան մասին ոչ մէկ նոր առաջարկ ստացած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ այս շաբաթ պէտք է ըլլայ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով վարչապետ Սաատ Հարիրիի տրուելիք վերջին պայմանաժամը, որմէ ետք պէտք է այլ վարչապետ նշանակել: «Այլ վարչապետի նշանակումը ձախողելու պարագային, խորհրդարանէն կը պահանջուի յեղափոխութիւն յառաջացնել», ընդգծեց Սէյիտ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը ցաւի հզօր իշխանութեան մնացորդացին համար, եւ կոչ ուղղեց կեդրոնանալու երկրին տնտեսական վտանգաւոր իրավիճակին վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը նախընտրէ կազմել 24 նախարար հաշուող կառավարութեան կազմ մը, որ կը ներկայացնէ քաղաքական բոլոր կողմերը եւ կը լուծէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը:

ՔԱԹԱՐԻ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քաթարի իշխանին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր` Արաբական տնտեսական վեհաժողովին մասնակցութեան առիթով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան ապահովական բարձրաստիճան աղբիւրէ մը, կը գրէ, թէ շրջանը մուտք գործած է վտանգաւոր փուլ մը` աւելցնելով, որ Լիբանան եւս կրնայ ազդուիլ ապահովական ապակայունութենէն: Ան ընդգծած է, որ ապահովութեան ուժերը միշտ կը հսկեն Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդումին: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ կառավարութեան կազմութեան չափանիշները կը մնան նոյնը:

ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Արաբական տնտեսական վեհաժողովին ընթացքին, եգիպտացի ներկայացուցիչները Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հաստատած են կառավարութիւն կազմելու կարեւորութիւնը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետեւող քաղաքական անձնաւորութիւններ յոյս յայտնած են, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի այս ջանքերը գոհացնեն բոլորը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կտրականապէս կը մերժէ 32 նախարար հաշուող կառավարութեան կազմ մը: Նոյն օրաթերթը կը գրէ նաեւ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ծոցի երկիրներէն խոստումներ ստացած է` Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունէն յաւելեալ բաժնետոմսեր գնելու իմաստով:

 

Նախորդը

Յարգանք Իր Արուեստին Եւ Ոչ` Անձին

Յաջորդը

Պասիլ. «Սուրիոյ Կայունութեան Պահպանումը Եւ Սուրիոյ Մէջ Աշխարհիկ Պետութեան Գոյատեւումը Լիբանանի Շահերուն Կը Ծառայեն»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.