Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Լիբանանի Կառավարութենէն 500 Միլիոն Տոլարի Բաժնետոմսեր Պիտի Գնէ, Իսկ Վարչապետ Հարիրի Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքներուն Պիտի Վերսկսի

January 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ յայտարարեց, թէ Քաթար մտադիր է Լիբանանի մէջ ներդրում կատարել` առ ի զօրակցութիւն երկրին տնտեսութեան: Ան նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ Քաթար Լիբանանի կառավարութենէն 500 միլիոն տոլարի բաժնետոմս պիտի գնէ` օժանդակելու համար լիբանանեան պետութեան, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող մարտահրաւէրները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը:

Հարիրի-Պասիլ քննարկումներուն մասին ոչինչ բացայայտուեցաւ, բայց եւ այնպէս անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը երէկ պիտի վերսկսէին վարչապետին կողմէ, եւ այդ շրջագիծին մէջ նոյն աղբիւրները ընդգծած էին, թէ վարչապետ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները շարունակելու պատճառով յետաձգած էր դէպի Տաւոս այսօրուան իր ճամբորդութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի եւ Միջին Ասիոյ փոխտնօրէն Թանոս Արվանիթիսը եւ արաբական երկիրներու գործադիր գրասենեակի փոխտնօրէն Սամի Ժատահը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան եղանակները:

Արվանիթիս այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական եւ տնտեսական շարք մը հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ կայունութիւնը կարելի է հաստատել կառավարութեան կազմութեան ընդմէջէն:

Արվանիթիս անհրաժեշտ նկատեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներն ու բարեփոխումները գործադրելը:

Օմանի Դեսպանատան Բացում

Վարչապետ Հարիրի երէկ առաւօտեան հովանաւորեց Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը:

Ժնահի մէջ վարչապետ Հարիրի եւ Օմանի սուլթան Քապուսի Սուլթանի անձնական ներկայացուցիչ` Օմանի փոխվարչապետ Ասաատ պըն Թարեք Սայիտ, Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Պատըր պըն Մոհամետ պըն Պատըր Մունզիրի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական մարմիններու ներկայացուցիչներ կատարեցին դեսպանատան բացումը:

Այս առիթով Սայիտ վարչապետ Հարիրիին յանձնեց յուշանուէր մը:

 

Նախորդը

Պըրրի Հերքեց Այն Տեղեկութիւնները, Թէ Ինք Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Իր Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է

Յաջորդը

Փոլ Սքոլզ` Դ. Դասակարգի Խումբի Մարզիչ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.