Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, 21 եւ 22 յունուարին այցելեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ զօր. Վոթըլ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել լիբանանեան բանակին` զայն նկատելով երկրին միակ օրինական պաշտպանը: