Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերենիլ Քարտելը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Մաշնուք Քարտելի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Մաշնուք Քարտելին հարց տուաւ Լիբանանի մէջ անոր անցուցած 14 ամիսներուն մասին, իսկ Քարտել պատասխանեց հաստատելով, որ երբ նոր հասած էր Լիբանան, երկրին մէջ դրական մթնոլորտ եւ լաւատեսութիւն կը տիրէր` Հռոմի եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովներու նախապատրաստութեան սեմին, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստուելու նախօրեակին:
Ան աւելցուց սակայն, որ ինք Լիբանանէն պիտի մեկնի մտահոգութեամբ` լիբանանեան հաստատութիւններու կարողութիւններուն եւ երկրին տնտեսական կացութեան անորոշութեան ի տես:
Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շնորհակալութիւն յայտնեց Քարտելին` Լիբանանի մէջ անոր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանի մէջ իրագործուած ծրագիրներուն համար, յատկապէս անոնք, որոնք գործադրուեցան ներքին գործոց նախարարութեան հետ գործակցաբար:
Մաշնուք շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանը զերծ կացուցել շրջանային արագընթաց զարգացումներուն հետեւանքներէն:



