Լիբանանեան

Պըրրի Հերքեց Այն Տեղեկութիւնները,  Թէ Ինք Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին  Իր Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է

Պըրրի Հերքեց Այն Տեղեկութիւնները, Թէ Ինք Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Իր Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 24 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան պիտի տրամադրուի նիւթական յատկացում մը: Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած է` աւելցնելով, որ ինք վեհաժողովին իր...

«Բանակը Կը Հետապնդէ Երկրին Կայունութիւնը  Հարուածել Միտող Որեւէ Փորձ, Իսկ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ան Կազմ Ու Պատրաստ Է»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Բանակը Կը Հետապնդէ Երկրին Կայունութիւնը Հարուածել Միտող Որեւէ Փորձ, Իսկ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ան Կազմ Ու Պատրաստ Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող արաբական եւ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն զինուորական կցորդները, որոնց միջոցով ան Նոր տարուան շնորհաւորութիւններ յղեց անոնց բանակներուն եւ պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն: Զօր. Աուն յայտնեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին շրջանային մակարդակով քաղաքական տագնապները շարունակուեցան, ինչպէս նաեւ շրջանի կարգ մը երկիրներուն մէջ պատերազմը տակաւին չէ...

«Հէյլի Շրջապտոյտին Նպատակն Էր  Ուաշինկթընի Դաշնակիցներուն  Տրամադրութիւնը Բարձրացնել»  Շեշտեց Ռաատ

«Հէյլի Շրջապտոյտին Նպատակն Էր Ուաշինկթընի Դաշնակիցներուն Տրամադրութիւնը Բարձրացնել» Շեշտեց Ռաատ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի  նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ ոմանք գրաւ դրած էին շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրի յաղթանակին վրայ, «իսկ անցնող օրերուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ այցելեց Լիբանան եւ կատարեց իր շրջապտոյտը, որուն նպատակն էր Ուաշինկթընի դաշնակիցներուն տրամադրութիւնը բարձրացնել` առանց առիթ տալու անոնց, որ յուսալքուին: Հէյլ զանոնք խրախուսելու համար հաստատեց, որ ամերիկեան ծրագիրը կը շարունակուի,...

Պեզզի. «Լիբանան Կառչած Պիտի Մնայ  Իր Հողային Եւ Ծովային Սահմաններուն  Գերիշխանութեան»

Պեզզի. «Լիբանան Կառչած Պիտի Մնայ Իր Հողային Եւ Ծովային Սահմաններուն Գերիշխանութեան»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան, Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալի Պեզզի շաբաթավերջին Թըպնինի մէջ ներկայ գտնուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի ի պատիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որ սարքուած էր Քալաայի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Նեպիլ Ֆաուազի կողմէ: Նախքան ճաշկերոյթը տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Պեզզի անդրադարձաւ...

Շաապան Ռուսիոյ Հետ Կը Քննարկէ Ապահովական  Մարզին Մէջ Երկկողմանի  Գործակցութեան Հեռանկարները

Շաապան Ռուսիոյ Հետ Կը Քննարկէ Ապահովական Մարզին Մէջ Երկկողմանի Գործակցութեան Հեռանկարները

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդական Ժորժ Շաապան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ  Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար զօր. Ալեքսանտր Վոմինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքը յուզող ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումը ընթացաւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովին որոշումները եւ տեղահանուածներուն մասին Պէյրութի յայտարարութիւնը բաւարար էին լեցնելու այդ վեհաժողովէն տարբեր երկիրներու իշխանութեանց պետերուն բացակայութեամբ ստեղծուած բացը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի մնայ Լիբանան հայրենիքը փտածներէն պաշտպանող վահանը: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովի բոլոր...

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողով

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողով

Արաբական Երկիրները Համախոհութեամբ «Պէյրութի Յայտարարութեան» Ընդմէջէն Կ՛ընդգծեն Գաղթականներու Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձի Քաջալերման Կարեւորութիւնը Արաբական տնտեսական Դ. վեհաժողովի պաշտօնական բացումը երէկ կատարուեցաւ Պիելի մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Վեհաժողովը վարելու աշխատանքին մասնակցեցան նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Թէեւ արաբական երկիրներու իշխանութեանց պետերուն աննշան ներկայութիւնը ինքզինք պարտադրեց վեհաժողովին վրայ, սակայն անոր...

Սամեհ Շուքրի Հանդիպումներ Ունեցաւ  Պասիլի, Ժոմպլաթի Եւ Ֆրենժիէի Հետ

Սամեհ Շուքրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Պասիլի, Ժոմպլաթի Եւ Ֆրենժիէի Հետ

Լիբանանի մէջ կայացող Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովին իր մասնակցութեան առիթով Պէյրութ գտնուող Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի շաբաթավերջին ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ: Պուսթրոս պալատին մէջ Շուքրի հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Շուքրի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ...

Լիբանանցի Գրագիտուհի  Մայ Մնասսա Մահացաւ

Լիբանանցի Գրագիտուհի Մայ Մնասսա Մահացաւ

Լիբանանցի գրագիտուհի Մայ Մնասսա երէկ կնքեց իր մահկանացուն: 80-ամեայ գրագիտուհին իր դրոշմը ձգած է լիբանանեան մամուլի ու գրականութեան մէջ իր առարկայական եւ թափանցիկ գրութիւններով` ըլլան անոնք յօդուածներ, քննադատական քրոնիկներ, թէ վէպեր: Մնասսայի մահով Լիբանան կը կորսնցնէ իր մշակոյթի գործիչը, որ մարդասիրական խորքով, համեստութեամբ եւ բարձր մակարդակի գրականութեամբ հարստացուցած է երկրին մշակութային կեանքը: Մայ Մնասսայի յիշատակը կենդանի պիտի մնայ լիբանանեան յիշողութեան...

Օրէնքի Եւ Քաղաքացիական Պետութիւն  Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Պէյրութի Մէջ

Օրէնքի Եւ Քաղաքացիական Պետութիւն Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Պէյրութի Մէջ

Երէկ Պէյրութի մէջ գործադրուեցաւ բողոքի ցոյց մը` «Բոլորս դէպի փողոց» կարգախօսին ներքեւ: Քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ գործադրուած ցոյցը սկսաւ Պարպիրէն եւ հասաւ մինչեւ Պշարա Խուրի` ելեւմուտքի նախարարութեան կեդրոնին դիմաց: Ցուցարարները բողոքեցին աղքատացումի, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութիւններուն դէմ, որոնք կը գործադրուին ներկայ քաղաքական իշխանութեան կողմէ: Ցուցարարները պահանջեցին վերջ տալ իշխանութեան կողմէ հանրային գումարի մսխումին, կենսոլորտի ապականումին, ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի...

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովի Նախօրեակին.  Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նիստի  Նախագահ` Ժըպրան Պասիլ Կոչ Ուղղեց  Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձին

Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովի Նախօրեակին. Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Նիստի Նախագահ` Ժըպրան Պասիլ Կոչ Ուղղեց Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձին

Արաբական տնտեսական վեհաժողովի աշխատանքները պաշտօնապէս կը սկսին վաղը` 20 յունուար 2019-ին: Վեհաժողովի կայացման շրջագիծին մէջ իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք գումարուող նիստերուն շարքին երէկ տեղի ունեցաւ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նիստը, որուն ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ափրիկեան երկիրներու հարցերու պետական նախարար Ահմետ պըն Ապտել Ազիզ Քաթթան Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովին ծիրին մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին նախագահութիւնը յանձնեց Լիբանանի արտաքին...

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրին: Շուքրի, որ Պէյրութ եկած է մասնակցելու համար Արաբական տնտեսական վեհաժողովին, նախագահ Աունին յանձնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն նամակ մը, որուն մէջ ան ցաւ յայտնած էր` վեհաժողովին չմասնակցելու առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ վեհաժողովի ընթացքին...

Մեհրապի Մէջ Փոխըմբռնումի  Համաձայնագիրի  Ստորագրութեան Գ. Տարեդարձին  Առիթով Ողջոյնի Խօսքեր

Մեհրապի Մէջ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Գ. Տարեդարձին Առիթով Ողջոյնի Խօսքեր

Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ Մեհրապի մէջ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի ստորագրութեան Գ. տարեդարձին առիթով` երէկ նոյն կուսակցութիւններուն ղեկավարներն ու պատասխանատուները արձանագրեցին ողջոյնի խօսքեր: Այսպէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց. «Քաղաքականութիւններուն մէջ շատ բան կը փոխուի, սակայն հաշտութիւնը խղճի պարտք մըն է, որ կատարուեցաւ ամբողջական համոզումով` մեր եւ Լիբանանեան ուժերուն...

Հարիրի Ժոմպլաթներուն Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Հարիրի Ժոմպլաթներուն Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ կրթական մարզերուն վերաբերող շարք...

Ռայի Պատրիարքը Ֆրանսայի  Եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Ֆրանսայի Եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ Ֆրանսան յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆուշէ ընդգծեց Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ կառավարութեան մը գոյութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանանի համար իննամսեայ ուղեգիծ մը մշակուած է, եւ Ֆրանսա պատրաստ է այդ ուղեգիծը աշխատանքի վերածելու, երբ անոր գործադրութեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ Հըզպալլայի գործած ոճիրը այն է, որ ան դիմադրած է Իսրայէլին: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պէյրութ պիտի մնայ յոյսի, մշակոյթի եւ մարտահրաւէրներու մայրաքաղաքը: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ երկրին մէջ տեղի ունեցած ներկայ իրադարձութիւնները կը փաստեն բազմազան ըլլալու իմաստով Լիբանանի կարեւորութիւնը: ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան դիրքը...

Արաբական Տնտեսական Դ. Վեհաժողովին  Նախապատրաստական Աշխատանքները Աւարտած Են.  Վեհաժողովի Պաշտօնական Բացումը` 20 Յունուարին

Արաբական Տնտեսական Դ. Վեհաժողովին Նախապատրաստական Աշխատանքները Աւարտած Են. Վեհաժողովի Պաշտօնական Բացումը` 20 Յունուարին

Լիբանանի կողմէ հիւրընկալուող Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովի սեմին արաբական երկիրներու պատուիրակութիւններ արդէն իսկ սկսած են հասնիլ Պէյրութ, ինչպէս նաեւ գումարել վեհաժողովին առաջնորդող յանձնախումբերու նախապատրաստական նիստերը: Այս շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանան հասան պաղեստինեան, քաթարեան եւ իրաքեան պատուիրակութիւնները` նախարարական մակարդակի ներկայացուցչութեամբ, մասնակցելու համար Արաբական տնտեսական վեհաժողովին: Միւս կողմէ, կարգ մը երկիրներու նախագահներ, ինչպէս` Թունուզի նախագահ Պաժի Քայէտ Սեպսի, Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ապուլ Ղէյթը  Եւ Ներկայ Գտնուեցաւ Մար Անթոնիոս  Վանքին Մէջ Մատուցուած Պատարագին

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ապուլ Ղէյթը Եւ Ներկայ Գտնուեցաւ Մար Անթոնիոս Վանքին Մէջ Մատուցուած Պատարագին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աունի, երէկ Պաապտայի Մար Անթոնիոս վանքին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Անտոնի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին: Մարոնի միաբանութեան աբբահայր Մարուն Ապու Ժաուտէ, նախագահելէ ետք Ս. պատարագին, նախագահ Աունին ըսաւ. «Մենք կարիքը ունինք ձեզի նման պարկեշտ անձերու կառավարութեան մը, որուն կազմութիւնը պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին իրականանայ»: Նախագահ Աուն իր կարգին շեշտեց,...

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին  Ապահովական Իրադարձութիւնները

Պըրրի Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք այլեւս կառավարութեան կազմութեան նախաձեռնութեան հետ չէ առնչուած` ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիպիական պատուիրակութեան մուտքի արտօնագիրներու հարցով ան պատասխանատո՞ւ է Լիբանանի...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մշակոյթի  Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Մշակոյթի Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն

Լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն հետ ծանօթացման արարողակարգային հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն մակարդակով:  

Page 587 of 988 1 … 586 587 588 … 988

Արխիւներ