Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Այսօր Սկսած Է»

January 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:

Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր` զօր. Վոթըլի հանգստեան կոչուելուն առիթով, նախագահ Աուն անոր յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները:

Զօր. Վոթըլ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր ցուցաբերած գործակցութեան համար:

Զօր. Վոթըլ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան դեսպան Ռիչըրտն ու զօրավարին ընկերակցող զինուորական պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախարար Սեզար Ապի Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ըսաւ. «Փտածութեան դէմ պայքարը այսօր սկսած է: Կը սպասէի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կառավարութիւնը կազմուի, որպէսզի այս պայքարը աւելի աշխուժ կերպով մղուի, սակայն ոչինչ կ՛արգիլէ, որ փտածութեան դէմ պայքարը սկսինք` նկատի ունենալով անոր հսկայական տարողութիւնը»:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան այս իմաստով լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, ինչպէս նաեւ խոչընդոտներ, որոնք պէտք է վերանան: «Յառաջիկային պիտի ստիպուիմ ամէն բան իր անունով ըսել ու ներկայացնել, որովհետեւ անկարելի է արտօնել, որ կացութիւնը մնայ ինչպէս որ է: Մեզի վստահութիւն շնորհած ժողովուրդը կը չարչարուի, եւ մենք կոչուած ենք կառուցային այդ խախտումը բարեկարգելու», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Նշենք, որ նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի եւ Միջին Ասիոյ փոխտնօրէն Թանոս Արվանիթիսը եւ արաբական երկիրներու գործադիր գրասենեակի փոխտնօրէն Սամի Ժատահը: Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ «Սետր»-ի որոշումներն ու խոստացուած համապատասխան բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Դրական Քայլերով Կ՛ուղղոինք Դէպի Կառավարութեան Կազմութիւն»

Յաջորդը

Պըրրի. «Վարչապետ Հարիրի Կը Յուսայ, Որ Շաբաթ Մը Ետք Կամ Քանի Մը Օրէն Կարելի Պիտի Ըլլայ Կառավարութիւն Կազմել»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.