Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Սուրիոյ Կայունութեան Պահպանումը Եւ Սուրիոյ Մէջ Աշխարհիկ Պետութեան Գոյատեւումը Լիբանանի Շահերուն Կը Ծառայեն»

January 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ Տաւոսի մէջ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովին, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ կայունութեան պահպանումն ու Սուրիոյ մէջ աշխարհիկ` ոչ կրօնական պետութեան մը գոյատեւումը Լիբանանի շահերուն կը ծառայեն:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին լիբանանացումը կ՛օգտագործուէր երկփեղկումի իբրեւ եզր, «սակայն այսօր, երբ կը խօսուի Պալքաններու, Իրաքի եւ Սուրիոյ լիբանանացումին մասին, անիկա կ՛օգտագործուի իբրեւ դրական եզր: Այս պարագային լիբանանացումը համազօր է այդ երկիրներուն մէջ բազմազանութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու իրականութեան», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ լիբանանեան օրինակը կրնայ ամէնէն յաջող օրինակը չըլլալ, սակայն անիկա տոկացած է ահաբեկչութեան եւ մենատիրութեան` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Իսրայէլի դիմաց` աւելցնելով, որ լիբանանցիները քաջ գիտեն, թէ բազմազանութեան տնօրինումն ու համախոհական ժողովրդավարութիւնը դժուար իրականացուելիք աշխատանքներ են այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր 18 համայնքներ գոյութիւն ունին:

Պասիլ ընդգծեց, որ իշխանութեան պետերուն, խորհրդարանին, կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն պարագային հաւասարակշռուած գործակցութեան իրականացումը դիւրին չէ, սակայն երբ համախոհութիւն կը գոյանայ, անոր զուգահեռ կը հաստատուի նաեւ կայունութիւնը:

«Բնական է, որ իւրաքանչիւր համայնք պահպանէ իր իրաւասութիւնները: Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքը ունի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իր հզօր ներկայութիւնը` իսլամ համայնքին հետ ազգային համերաշխութեան եւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ», շեշտեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաշնուք. «Կարելի Չէ Լիբանանը Զերծ Կացուցել Շրջանային Արագընթաց Զարգացումներուն Հետեւանքներէն»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.