Իսրայէլեան ուժերը Ատայսէի հանդիպակաց շրջանին մէջ շարունակեցին սահմանային քարաշէն պատնէշին կառուցումը:
Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի սահմանին երկայնքով տեղակայուեցան լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ դարձեալ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, երբ անոր հետախուզական օդանաւերը թռիչքներ գործեցին լիբանանեան օդային տարածքին մէջ: Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ կատարեց հարաւային Լիբանանի վերեւ, յատկապէս Արքուպի, Հասպայայի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ:
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ ետք պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ ենթադրեալ գետնափոր փապուղիներու, իսրայէլեան ուժերուն կառուցած սահմանային քարաշէն պատնէշին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ շարունակուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Զօր. Տել Քոլ անհրաժեշտ նկատեց թեքնիք յանձնախումբի աշխատանքին վերսկսումը` սերտելու համար այն վայրերը, որոնց պատկանելիութեան շուրջ տարակարծութիւններ կան:
Իր կարգին, Սարրաֆ հաստատեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ տնտեսական շրջանը ճշդելու հիմը «Պի. 1» կէտն է: