Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ թուիթըրեան իր գրառումին ընդմէջէն արձանագրեց հետեւեալ հարցերը. «Արդեօք ո՞վ կրնայ մեզի ըսել, թէ ի՛նչ է նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արաբական կարգ մը երկիրներ քանդող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ յարաբերութեան գաղտնիքը: Արդեօք հիւսիսային Լիբանանի մէջ թրքական գործունէութիւնը աշխուժ պահելու հոլովոյթը Միքաթի՞ն է, որ կը հովանաւորէ»: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ձերբակալեց աւազակախումբ...

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով.  «Լիբանանեան Համերաշխութեան, Յատկապէս  Լեռնալիբանանի Համակեցութեան Հասնելիք  Որեւէ Վնաս Կը Վտանգէ Ամբողջ Լիբանանը»

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Լիբանանեան Համերաշխութեան, Յատկապէս Լեռնալիբանանի Համակեցութեան Հասնելիք Որեւէ Վնաս Կը Վտանգէ Ամբողջ Լիբանանը»

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, որուն հրաւիրած էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան: Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր...

Նախագահ Աուն Խազենի Հետ Քննարկեց  Լիբանան-Վատիկան Յարաբերութիւնները

Նախագահ Աուն Խազենի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Վատիկան Յարաբերութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-վատիկանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ունեցած դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ շրջանին մէջ: Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ մարոնի համայնքի մայրապետներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քոյր Մարի Անթուանեթ Սաատէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին վերաբերող հարցեր:  

Այն Թինէի Մէջ.  «Նախագահ Աուն 2019-ի Պետական  Ամավարկը Պիտի Ստորագրէ»  Շեշտեց Սելիմ Ժրայսաթի

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահ Աուն 2019-ի Պետական Ամավարկը Պիտի Ստորագրէ» Շեշտեց Սելիմ Ժրայսաթի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որ գործուղուած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախագահ Աուն 2019-ի պետական ամավարկը պիտի չբողոքարկէ, այլ` պիտի ստորագրէ` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրերուն է, որ պետական երեք ամավարկեր վաւերացուեցան, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութիւնը 1993-էն...

Վարչապետ Հարիրի Կոչ Ուղղեց Դուրս Գալու  Կիներուն Կողմէ Իրենց Զաւակներուն Քաղաքացիութիւն  Շնորհելու Իրաւունքի Հաստատման Մտավախութենէն

Վարչապետ Հարիրի Կոչ Ուղղեց Դուրս Գալու Կիներուն Կողմէ Իրենց Զաւակներուն Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Իրաւունքի Հաստատման Մտավախութենէն

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ լիբանանցի կնոջ վերաբերող օրինական երթը: Մամլոյ ասուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երիտասարդներու եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի: Այս առիթով վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղեց դուրս գալու կիներուն կողմէ իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքի հաստատման մտավախութենէն: «Կարելի չէ օտարի մը հետ պսակուած լիբանանցի կինը...

Լեռնալիբանանի Միջադէպին Հարցը  Կը Շարունակուի Քննարկուիլ

Լեռնալիբանանի Միջադէպին Հարցը Կը Շարունակուի Քննարկուիլ

Քապըր Շմունի միջադէպին լուծման առնչութեամբ երէկ երեկոյեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Քաթարէն վերադառնալէ անմիջապէս ետք այցելեց Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի: Հանդիպումին մասին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Արսլան կտրականապէս մերժած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջարկը եւ այդ կեցուածքը փոխանցած է Ապպաս Իպրահիմի: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց...

«Ազգային Ուխտը Լիբանանի Մէջ  Կարեւորագոյն Օրէնքն Է»  Շեշտեց Պասիլ

«Ազգային Ուխտը Լիբանանի Մէջ Կարեւորագոյն Օրէնքն Է» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Քֆիֆանի վանքին մէջ գումարեց իր տարեկան դռնփակ նիստը, որմէ ետք Պասիլ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին մէջ շփոթ մը ստեղծուած է` աւելցնելով, որ մինչեւ հրամանագիրներու ստորագրութիւնը կարելի չէ ըսել, որ իրաւունքներ իրականացած են: Պասիլ ըսաւ, թէ պէտք չէ օրինական նախընթացներ ստեղծել, որովհետեւ ոչինչ կրնայ երկրին սահմանադրութիւնը գերազանցել, «իսկ...

Պու Սաապ Շեշտեց Լիբանանեան Բանակին  Կատարուած Ամերիկեան Զինուորական  Օժանդակութիւններուն Անհրաժեշտութիւնը

Պու Սաապ Շեշտեց Լիբանանեան Բանակին Կատարուած Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւններուն Անհրաժեշտութիւնը

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը` ընկերակցութեամբ ամերիկեան Քոնկրեսի վարչական պատուիրակութեան մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Պու Սաապ շեշտեց լիբանանեան բանակին կատարուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս սահմանապահ ուժերուն տրամադրուած օժանդակութիւնը: Ամերիկեան պատուիրակութիւնը ընդգծեց այդ օժանդակութիւնները շարունակելու յանձնառութիւնը:  

Ֆատի Ժրայսաթի Այթանիէն Կը Խնդրէ  Պէյրութի Մէջ Աղբը Առաջին Պահէն  Տեսակաւորելու Մեկնարկը Կատարել

Ֆատի Ժրայսաթի Այթանիէն Կը Խնդրէ Պէյրութի Մէջ Աղբը Առաջին Պահէն Տեսակաւորելու Մեկնարկը Կատարել

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ժրայսաթի Այթանիէն խնդրեց Պէյրութի մէջ աղբը առաջին պահէն տեսակաւորելու մեկնարկը կատարել` հետեւելով կենսոլորտի նախարարութեան ցուցմունքներուն: Ժրայսաթիի այցելեցին նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Տահեր` ներկայութեամբ Ֆըրզոլի քաղաքապետ Մըլհեմ Ղասսանի: Քննարկուեցան Զահլէի եւ Պեքաայի կարիքները:  

Դեսպան Աթաբէկեան Հանդիպում Ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերու Հրամանատարին Հետ

Դեսպան Աթաբէկեան Հանդիպում Ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերու Հրամանատարին Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ 30 յուլիս 2019-ին դեսպան Վահագն Աթաբէկեան  այցելած է ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնակայան: Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը հանդիպում ունեցած է ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլիի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան շրջանակը եւ հեռանկարային ծրագիրները: ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղապահ զօրախումբին իրականացուցած ծառայութիւնը առաքելութեան կազմին մէջ:

«Մաշրուհ Լէյլա»-ի Ելոյթը Պիտի Ջնջուի  Ժիպէյլի Միջազգային Փառատօնէն

«Մաշրուհ Լէյլա»-ի Ելոյթը Պիտի Ջնջուի Ժիպէյլի Միջազգային Փառատօնէն

Ժիպէյլի երեսփոխաններ Զիատ Հաուաթ, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Մուսթաֆա Հիւսէյնի երէկ յայտնեցին, որ բոլորին շահերէն մեկնելով, լիբանանեան սահմանադրութեան եւ լիբանանեան օրէնքներուն ու կանոններուն յանձնառու մնալով, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի գեղեցիկ պատկերը եւ անոր դերակատարութիւնը պահպանելով, անհրաժեշտ կը նկատեն յարգել սրբութիւնները, ընկերային արժէքներն ու ազգային սկզբունքները: Անոնք հաստատեցին, որ վերոնշեալ յանձնառութիւններուն եւ սկզբունքներուն կառչած մնալով է, որ պահանջած են Ժիպէյլի միջազգային փառատօնի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման յայտնեց, որ աշխատանքի նախարարութեան կողմէ աշխատանքի յատուկ ծրագիրի գործադրութեան շնորհիւ, լիբանանցի քաղաքացիներուն համար 1500 աշխատանքի առիթ ստեղծուած է մէկ ամսուան ընթացքին: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն փակելու այն տարրալուծարանները, որոնք նպարավաճառներու նման են եւ տարրալուծարանի նուազագոյն չափանիշները չեն ամբողջացներ, որովհետեւ բժշկական քննութիւններու անճիշդ արդիւնքներ կը հրապարակեն: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան...

Պըրրի Եւ Հարիրի Քննարկեցին  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Եւ Հարիրի Քննարկեցին Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յետմիջօրէին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի միջադէպի լուծման հաւանականութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Սակայն հակառակ տիրող լռութեան, կը նախատեսուի, որ Քապըր Շմունի միջադէպին լուծումը այս շաբթուան կամ առաւելագոյնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին յայտարարուի` նկատի ունենալով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ...

Նախագահ Աուն Քննարկեց  Կենսոլորտային Շարք Մը Հարցեր

Նախագահ Աուն Քննարկեց Կենսոլորտային Շարք Մը Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց կենսոլորտային շարք մը հարցեր, յատկապէս կենսոլորտի նախարարութեան կողմէ քարահանքերուն վերաբերող ծրագիրը, որ պիտի ներկայացուի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ աղբահանումի ուղեգիծը, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ինքզինք պարտադրող աղբի հարցին վերջնական լուծում պիտի ապահովէ: Հանդիպումին ընթացքին Ժրայսաթի շեշտեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ...

Վարչապետ Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Նախկին  Վարչապետներ Միքաթիի, Սինիորայի Եւ Սալամի Հետ

Վարչապետ Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Նախկին Վարչապետներ Միքաթիի, Սինիորայի Եւ Սալամի Հետ

Երէկ վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթին, Ֆուատ Սինիորան ու Թամմամ Սալամը եւ անոնց հետ քննարկեց քաղաքական վերջին իրադարձութիւններն ու երկրին ընդհանուր կացութիւնը: Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիթանի գետի ապականումին վերջ տալու կարելիութիւնները: Նիստին ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի,...

Արսլան. «Կառավարութեան Նիստին  Մասնակցելու Հարց Չունինք, Պայմանով Որ  Արդարութեան Խորհուրդի Պահանջը Ըլլայ  Քննարկուելիք Օրակարգին Առաջին Կէտը»

Արսլան. «Կառավարութեան Նիստին Մասնակցելու Հարց Չունինք, Պայմանով Որ Արդարութեան Խորհուրդի Պահանջը Ըլլայ Քննարկուելիք Օրակարգին Առաջին Կէտը»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ կէսօրին Խալտէի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ իրենք կառչած կը մնան Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջին: «Կառավարութեան նիստին մասնակցելու հարց չունինք, սակայն կը պահանջենք, որ անոր քննարկելիք օրակարգի առաջին կէտը ըլլայ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելը», շեշտեց ան: Արսլան շեշտեց, որ Քապըր Շմունի...

Հասան Ֆատլալլա. «Լիբանանի Դէմ  Իսրայէլեան  Պատերազմ Մը Սանձազերծելու Ցուցանիշներ Չկան»

Հասան Ֆատլալլա. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմ Մը Սանձազերծելու Ցուցանիշներ Չկան»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի  երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմ մը սանձազերծելու ցուցանիշներ չկան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը հսկայ ուժ ունի եւ կրնայ իսրայէլեան հաւանական որեւէ յարձակումի դէմ դնել: Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆատլալլա շեշտեց, թէ հարաւային Լիբանանի ազատագրման առաջին օրէն սկսեալ իրենք հաստատած են, որ սահմանագծումի թղթածրարը...

Տիմանի Մէջ.   Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Սլէյման Ֆրենժիէն

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սլէյման Ֆրենժիէն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ անոր կնոջ` Ռիմա Ֆրենժիէի եւ գերապայծառ Ըսթֆեն Ֆրենժիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ կենսոլորտային տագնապները: Ռայի պատրիարքի այցելուները դարձան անոր ճաշի հիւրերը:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ դատապարտեց Շաաթի մէջ լիբանանեան բանակը կրակոցի թիրախ դարձնելու արարքը: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ամէն իմաստով հանգիստ պահել եւ վստահիլ անոր: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս ներկայ իրադարձութիւնները քննարկեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհիի եւ Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի հետ: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու...

Արսլան Եւ Ժոմպլաթ Կը Մերժեն Հաշտուիլ.  Քապըր Շմունի Միջադէպի Լուծման  Ջանքերը Կը Մնան Տեղքայլի Մէջ

Արսլան Եւ Ժոմպլաթ Կը Մերժեն Հաշտուիլ. Քապըր Շմունի Միջադէպի Լուծման Ջանքերը Կը Մնան Տեղքայլի Մէջ

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու իր անձնական էջին ընդմէջէն հաստատեց, որ կը մերժէ նահատակներուն արեան հաշուոյն հանդիպիլ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Արսլան շեշտեց, որ զոհուած անմեղ նահատակներուն արեան հաշուոյն քաղաքական խաղերուն ժամանակը աւարտած է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի հետեւին կասկածելի որեւէ քայլի եւ պիտի ընդդիմանան անոր` ինչ ալ ըլլայ իրենց վճարելիք...

Page 539 of 988 1 … 538 539 540 … 988

Արխիւներ