«Պիտի Չարտօնենք, Որ Զինուորականներուն Ու Անոնց Ընտանիքներուն Բժշկութեան Ծառայութիւնը Կաղայ» Շեշտեց Զօր. Աուն
Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Պատարոյի զինուորական հիւանդանոց, ուր այցելեց հիւանդներուն: Զօր. Աուն շեշտեց, որ բժշկական ծառայութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը յատկացուի զինուորականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ըլլան անոնք ներկայիս ծառայող բանակայիններ թէ հանգստեան կոչուածներ: Ան նշեց, որ բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն տրամադրուած բժշկական ծառայութիւնը համազօր է հայրենիքին համար առաջնագիծի վրայ կռուելուն: «Պիտի չարտօնենք, որ զինուորականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկութեան ծառայութիւնը...




















