Երէկ վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթին, Ֆուատ Սինիորան ու Թամմամ Սալամը եւ անոնց հետ քննարկեց քաղաքական վերջին իրադարձութիւններն ու երկրին ընդհանուր կացութիւնը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիթանի գետի ապականումին վերջ տալու կարելիութիւնները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամատան պատասխանատուներ:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ ընդունեց Զահլէ-Մաալաքա-Թաանայէլ շրջաններու քաղաքապետական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպի:
Հանդիպումէն ետք Զղէյպ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիին շնորհակալութիւն յայտնած են Զահլէի վերաբերեալ անոր տուած յանդուգն որոշումներուն համար:
Ան նշեց վարչապետին ներկայացուած եւ քաղաքապետութեան վերաբերող կարգ մը պահանջներ, որոնց մասին Հարիրի հասկացողութիւն ցուցաբերած է:
Զղէյպ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Զահլէ վերածուի հսկայ քաղաքապետարանի մը:
Վարչապետ Հարիրիի այցելուներէն եղան նաեւ Կեդրոնական դրամատան հետաքննութեան յատուկ խորհուրդի նախագահ Ապտել Հաֆիզ Մանսուր, «Օժերօ»-ի խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ, ինչպէս նաեւ Ռիատի մարզական ակումբի նախագահ Մազեն Թապպարա:
Պու Սլէյման-Մնայմնէ Հանդիպում
Ընդառաջելով վարչապետ Հարիրիի խնդրանքին` աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ուղղուեցաւ վարչապետարան, հանդիպում մը ունենալու համար պաղեստինեան պատուիրակութեան հետ եւ քննարկելու անոնց պահանջները:
Հանդիպումէն ետք Պու Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ հանդիպումին ներկայ գտնուած է միայն Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Հասան Մնայմնէն:
Պու Սլէյման շեշտեց, որ կարելի չէ երկխօսութիւն կատարել` կանխաւ նախապայմաններ պարտադրելու ընդմէջէն:
Պու Սլէյման բարձր գնահատեց Մնայմնէի ջանքերը` պահանջելով, որ պաղեստինցիները իրենց պահանջները գրաւոր ներկայացնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ իմանալ այդ պահանջները եւ ըստ այնմ վարուիլ անոնց հետ:
Իր կարգին, Մնայմնէ շեշտեց, որ նախարար Պու Սլէյմանի հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակեն` մաղթելով, որ կարելի ըլլայ լուծումներու յանգիլ:




