Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ լիբանանցի կնոջ վերաբերող օրինական երթը:
Մամլոյ ասուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երիտասարդներու եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի:
Այս առիթով վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղեց դուրս գալու կիներուն կողմէ իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքի հաստատման մտավախութենէն:
«Կարելի չէ օտարի մը հետ պսակուած լիբանանցի կինը զրկել իր իրաւունքներէն եւ պատճառ դառնալ, որ անոր զաւակները լիբանանեան քաղաքացիութիւն չունենան, մինչդեռ լիբանանցի տղամարդը կը պսակուի, եւ քանի մը ամիս ետք անոր կինը արդէն իսկ լիբանանեան քաղաքացիութիւն կը ստանայ: Կա՛մ պէտք է երկուքին պարագային քաղաքացիութեան շնորհումը արգիլել, կամ ալ երկուքին պարագային պէտք է համաձայն գտնուիլ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ինք կնոջ օրինական երթին հետ բնաւ հարց չունի, եւ կիները քաղաքական դաշտին մէջ ներառելը կարեւոր օրակարգ կը նկատէ, «սակայն շատեր կը խոչընդոտեն լիբանանցի կինը լիբանանեան քաղաքական ասպարէզին մէջ ներգրաւելու ճիգերը», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ կիները քաղաքական անձնաւորութիւններուն կը սորվեցնեն, թէ նախարարութիւններուն մէջ աշխատանքը ինչպէ՛ս պէտք է ընթանայ եւ ինչպէ՛ս պէտք է պայքար ծաւալի փտածութեան եւ մսխումին դէմ: «Այս շրջագիծին մէջ բոլորդ կը վկայէք, թէ նախարարներ Սաֆատիի, Պուսթանիի, Հասանի եւ Շիտիաքի աշխատանքն ու գործունէութիւնը ինչե՛ր փոխած են: Իսկ ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանին Մանսուրիէի մէջ կրցաւ լուծել 20 տարուան հարց մը», նշեց Հարիրի:
Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ ժամանակը հասած է կնոջ վստահելու բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ: «Կնոջ դերակատարութիւնը հիմնական է, եւ ես բնաւ մտահոգութիւն չունիմ, որ լիբանանեան պետութեան մէջ ան կարեւոր պաշտօններ ստանձնէ: Կը մաղթեմ, որ օր մը Լիբանանի վարչապետը նաեւ կին ըլլայ, որովհետեւ ես հպարտ եմ կնոջ դերակատարութեամբ եւ ատիկա հիմնական կը նկատեմ», եզրափակեց Հարիրի:
Վարչապետ Հարիրի կէսօրէ ետք ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Մերժէ Կառավարութեան Աշխատանքային Օրակարգին Վրայ Կէտեր Պարտադրել
Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ երեք շաբաթէ ի վեր Լիբանանը տարուած է Լեռնալիբանանի միջադէպին թղթածրարով, որուն լուծման համար մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ` համապատասխան քաղաքական ուժերուն մօտ:
Լիբանանցիները, որոնք այս հարցին բոլոր մանրամասնութիւններուն արդէն իսկ ծանօթ են, կը փափաքին, որ այդ տագնապը լուծուի, եւ կառավարութիւնը վերադառնայ իր աշխատանքին եւ պատասխանատուութիւնները ստանձնէ` լուծելու համար երկրին տնտեսական հարցերը:
«Սակայն եթէ կառավարութիւնը աշխատանքի պիտի վերադառնայ` ապահովելու համար լիբանանեան գերագոյն շահերը, ապա ազգային-սահմանադրական կանոնները պէտք է յարգել: Մուսթաքպալ պլոքը կը մերժէ կառավարութեան աշխատանքային օրակարգին վրայ կէտեր պարտադրել, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական է եւ կը միտի արգելակել կառավարութեան աշխատանքը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: