Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց կենսոլորտային շարք մը հարցեր, յատկապէս կենսոլորտի նախարարութեան կողմէ քարահանքերուն վերաբերող ծրագիրը, որ պիտի ներկայացուի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ աղբահանումի ուղեգիծը, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ինքզինք պարտադրող աղբի հարցին վերջնական լուծում պիտի ապահովէ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժրայսաթի շեշտեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կենսոլորտի հարցերուն լուծման նպատակով:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ` ընկերակցութեամբ Ժապալ Ամելի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ալի Եասինի եւ Հուժէյր հովիտի փառատօներու միութեան նախագահ Մոհամետ Քաուսարանիի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Աունի հետ խօսեցաւ 9-17 օգոստոս շրջանին մէջ տեղի ունենալիք փառատօներուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հետ գործակցութեամբ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր, որ ներկայացուց Պաալպեքի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ շրջանին կարիքները` ըլլան անոնք ընկերային թէ բարգաւաճման:



