Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժրայսաթի Այթանիէն խնդրեց Պէյրութի մէջ աղբը առաջին պահէն տեսակաւորելու մեկնարկը կատարել` հետեւելով կենսոլորտի նախարարութեան ցուցմունքներուն:
Ժրայսաթիի այցելեցին նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Տահեր` ներկայութեամբ Ֆըրզոլի քաղաքապետ Մըլհեմ Ղասսանի: Քննարկուեցան Զահլէի եւ Պեքաայի կարիքները: