Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգային Ուխտը Լիբանանի Մէջ Կարեւորագոյն Օրէնքն Է» Շեշտեց Պասիլ

July 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Քֆիֆանի վանքին մէջ գումարեց իր տարեկան դռնփակ նիստը, որմէ ետք Պասիլ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին մէջ շփոթ մը ստեղծուած է` աւելցնելով, որ մինչեւ հրամանագիրներու ստորագրութիւնը կարելի չէ ըսել, որ իրաւունքներ իրականացած են:

Պասիլ ըսաւ, թէ պէտք չէ օրինական նախընթացներ ստեղծել, որովհետեւ ոչինչ կրնայ երկրին սահմանադրութիւնը գերազանցել, «իսկ Ազգային ուխտը Լիբանանի մէջ կարեւորագոյն օրէնքն է», յայտնեց ան:

Ան նշեց, թէ երկրին սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածը կը հաստատէ, որ համայնքային դրութիւնը ջնջելու ազգային խորհուրդի ստեղծումէն ետք է, որ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը միայն Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներուն կրնայ վերաբերիլ:

Ան նշեց, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ այդ կարգավիճակին կարելի է հասնիլ քաղաքացիական պետութիւն կերտելէ ետք, այլապէս` Թաէֆի համաձայնագիրը խախտած կ՛ըլլանք, «իսկ մենք կը փափաքինք Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխել ազգային լայն համաձայնութեամբ», հաստատեց Պասիլ:

Միւս կողմէ, Պասիլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանեան երկրագործութեան մարզին արդիւնաբերութիւնը աշխարհին մէջ տարածելու` նշելով, որ երկրագործութեան դիմագրաւած հիմնական հարցերէն մէկը արտադրուած բերքին արտածումն է:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են Լիբանանի մէջ հնդկական կանեփի ցանքը քաջալերելու` զուտ բժշկական նպատակներով: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով օրինագիծ մը ներկայացուցած են եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ այս իմաստով երկրագործութիւնն ու ճարտարարուեստը միաձուլուին, հաստատեց ան:

Նշենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ ներկայացուցած էր լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարները պետութեան վերադարձնելու վերաբերող օրինագիծ մը:

 

 

Նախորդը

Պու Սաապ Շեշտեց Լիբանանեան Բանակին Կատարուած Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւններուն Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Միջադէպին Հարցը Կը Շարունակուի Քննարկուիլ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.