ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման յայտնեց, որ աշխատանքի նախարարութեան կողմէ աշխատանքի յատուկ ծրագիրի գործադրութեան շնորհիւ, լիբանանցի քաղաքացիներուն համար 1500 աշխատանքի առիթ ստեղծուած է մէկ ամսուան ընթացքին:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն փակելու այն տարրալուծարանները, որոնք նպարավաճառներու նման են եւ տարրալուծարանի նուազագոյն չափանիշները չեն ամբողջացներ, որովհետեւ բժշկական քննութիւններու անճիշդ արդիւնքներ կը հրապարակեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր հաստատեց, որ կառավարութեան մօտալուտ նիստ մը գումարելու իմաստով տեղեկութիւններ չկան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է վարուի այնպէս մը, որ ան բոլորին հայրն է եւ բոլորը պէտք է ներգրաւէ:
ՀԱՍՊԱՅԱ-ՄԵՐԺԱՀԻՈՒՆ շրջանի Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է վեց սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին Լիբանան մուտք գործել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան ողջունեց իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողովը` յոյս յայտնելով, որ անիկա ապահովէ լիբանանցիներուն պահանջները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ ամէն անգամ, երբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը փորձեն շրջափակել, ան աւելի կը հզօրանայ եւ աւելի վեհ դուրս կու գայ տագնապներէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետի հրաժարականին մասին բոլոր տեղեկութիւնները անճիշդ են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կուսակցութիւնը կը փափաքի դիմել արմատական քայլի մը, որ կ՛ապահովէ կառավարութեան հրաժարականը: Նոյն օրաթերթը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները կը գրէ, թէ Լիբանանի կայունութիւնը կը վերահաստատուի կառավարութեան նիստերուն վերսկսումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տարեդարձին նախօրեակին, այլ խօսքով` այսօր կառավարութիւնը հրաւիրէ նիստի մը: